Մահէս վերջ պատրաստ եմ օրկաններս տրամադրելու մէկուն, որ ատոր կարիքը կ'ունենայ. Թորոսեան

Նախարարի խօսքով` դիակային փոխպատուաստման ողջ գործընթացը խիստ կանոնակարգուած պիտի ըլլայ: Բացի այդ, մարդիկ կրնան նաեւ հրաժարիլ իրենց օրկանները տրամադրելէ, որ օրէնքով ամրագրուած կ’ըլլայ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 8 մայիսի — Sputnik. Մահէս վերջ պատրաստ եմ օրկաններս տրամադրելու մէկուն, որ ատոր կարիքը կ’ունենայ: Այս մասին Sputnik Արմենիայի եւ «Հայկական ժամանակի» հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Հայաստանի մէջ կը նախատեսէ յառաջիկային դիակային փոխպատուաստում սկսիլ:

«Փոխպատուաստման օրէնքը շատոնց կայ, պարզապէս որեւէ բան չէ եղած համակարգը Հայաստանի մէջ ներդնելու համար: Այսինքն` մենք բան չենք հնարած, բայց կը գտնենք, որ մարդոց փրկելու համար պէտք է նաեւ դիակային փոխպատուաստում իրականացնել: Սա, իսկապէս, տասնեակ կեանքեր պիտի փրկէ: Կը վստահեցնեմ` դիակային փոխպատուաստման հետ կապուած անհանգստանալու որեւէ առիթ չկայ, եւ ինքս ալ պատրաստ եմ մահէս վերջ իմ օրկաններս տրամադրելու»,–ըսաւ նախարարը:

Անոր խօսքով` դիակային փոխպատուաստման ողջ գործընթացը խիստ կանոնակարգուած պիտի ըլլայ: Բացի այդ, ըստ անոր, մարդիկ կրնան նաեւ հրաժարիլ իրենց օրկանները տրամադրելէն, որ օրէնքով ամրագրուած պիտի ըլլայ:

«Ես յաճախ հայկական ուժը կ’օգտագործեմ»․ ինչպէս մոսկուացին զարմացուցած է Փաշինեանը

Սակայն մինչեւ դիակային փոխպատուաստման անցնելուն` դեռ շարք մը ընելիքներ կան: Թորոսեան նշեց, որ նախ պէտք է արձանագրութիւն կատարեն, վերապատրաստեն այն ԲԿ–ներու բժիշկները, ուրկէ պէտք է վերցուին այդ օրկանները, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք պէտք է փոխպատուաստումներ իրականացնեն: «Դիակային փոխպատուաստման առնչութեամբ հնչող «մտահոգութիւններու» մեծ մասը կու գայ անկէ, որ Հայաստանի մէջ որոշ մարդիկ ամէն յաջորդ օր ¥ապոկալիպսիս¤ յայնութիւն մը կը կանխատեսեն: Իսկ ես յոյս ունիմ, որ յառաջիկայ 1-2 տարուան ընթացքին կը յաջողինք ծրագիրը կեանքի կոչելու` նախապատրաստուած ու ապահովելով ատոր թափանցիկութիւնը»,–ըսաւ ան:

Նկատառման, թէ քաղաքացիներու մտահոգութիւնը հիմնականին մէջ կախուած է անընդմէջ շրջանառուող լուրերով, որ շարք մը յառաջատար երկիրներու մէջ օրկաններու վաճառքի մաֆիա կայ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանի մէջ վերահսկողութիւնը պիտի կազմակերպուի` Թորոսեան արձագանքեց, թէ շատ երկիրներու մէջ տարբեր բացասական երեւոյթներ կան, այլ հարց է` մենք ինչ արդիւնք կ’ուզենք ունենալ եւ ինչի հասնիլ. «Դիակային փոխպատուաստում կ’իրականացուի Պելառուսիոյ, ՌԴ–ի, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն, ԱՄՆ–ի մէջ... Սովորաբար դիակային փոխպատուաստման համար կ’օգտագործուին դժբախտ պատահարներու հետեւանքով մահացած քաղաքացիներու օրկանները, մասնաւորապէս` գլխուղեղի վնասուածք ստացած մարդոց օրկանները, քանի որ անոնց այլ օրկանները վնասուած չեն ըլլար»:

Շիրակի մարզին մէջ «գլխատման քար» կայ. առասպե՞լ, թէ՞ իրականութիւն

Ան նշեց նաեւ, որ դիակային փոխպատուաստման մեկնարկէն սկսած` պետութիւնն, ամենակարեւորը, պէտք է ապահովէ այդ գորընթացի թափանցիկութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 24–ին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում: «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ վիրահատած են 56 տարեկան կնոջ մը, որուն համար տոնոր հանդիսացած է 20-ամեայ դուստրը: Հայ մասնագէտներուն վիրահատութիւնն իրականացնելու համար օգնած են Մոսկուայի Բուռնազեանի անուան պետական գիտական կեդրոնի մասնագէտները: