Իսլամական դամբարանի պատկերը հայկական թղթադրամի վրայ Երեւանի մէջ վրդովմունք յառաջացուցած է

ԿԲ մամլոյ խօսնակը յիշեցուցած է, որ 3–րդ սերունդի թղթադրամները տպելէ առաջ ստեղծուած էր գեղարուեստական խորհուրդ, որ համագործակցած է տարբեր մասնագէտներու հետ:
Sputnik

 

ԵՐԵՒԱՆ, 25 ապրիլի — Sputnik. 5000 դրամի դիմերեսին պատկերած ենք Ուիլեամ Սարոյեանը, որուն յետամասին հատուածներ են «Նռնենիներ» պատմուածքէն, գիրքերու նկարազարդումներ, հայկական լեռներու ու նռնենիներու պատկերներ: Իսկ դարձերեսին Ուիլեամ Սարոյեանի արձանն է Երեւանի մէջ, որուն յետամասին Սարոյեանի նախնիներու համայնապատկերն է: Այս մասին Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ  ԿԲ մամլոյ խօսնակ Յարութիւն Կբէյեան:

8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են

Ըստ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի` նոր 5000 դրամանոց թղթադրամին վրայ պատկերուած է իսլամական պաշտամունքային  կառոյցի մը` Շերեֆ խան Դ-ի դամբարանը:

«Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը երրորդ սերունդի թղթադրամները շրջանառութեան մէջ դնելէ առաջ հրապարակած է ատոնց նկարագրութիւնը ԿԲ–ի կայքին վրայ: Յատկապէս 5000 դրամի դիմերեսին պատկերած ենք ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլեամ Սարոյեանը: Թղթադրամի դարձերեսին Ուիլեամ Սարոյեանի արձանն է Երեւանի մէջ, որուն յետամասին Սարոյեանի նախնիներու` Բաղէշի 20-րդ դարասկիզբի համայնապատկերն է»,- ըսաւ Կբէյեան:

«Մուշէն բուռ մը հող կը բերէք…». Մխօ պապի ցանկութիւնը դեռ չէ կատարուած

Ըստ անոր՝ յուշարձանագէտի գրառումը յուզական երանգաւորում ունի, մինչդեռ ԿԲ–ն  որեւէ բան չի գովազդեր:

Կբէյեան յայտնեց նաեւ, որ երրորդ սերունդի թղթադրամները մշակուած են 2 տարի առաջ:

«Ստեղծուած է գեղարուեստական խորհուրդ, որ համագործակցած է տարբեր մասնագէտներու հետ: Յայտարարուած է նկարներու մրցոյթ. շատ տարբեր առաջարկներ  եղած են` մէկէն ընտրած են դիմերեսը, միւսէն` դարձերեսը, մէկ տեղէն` ընդհանուր տեսքը: Յետոյ այն ուղարկած են գերմանական ընկերութիւն մը, որն ալ մրցոյթին յաղթած է երրորդ սերունդի թղթադրամներու տպագրութիւնը»,- ըսաւ ԿԲ մամլոյ խօսնակը:

Նշենք, որ յուշարձանագէտ Կարապետեանի գրառումը ընկերային կայքերու վրայ քննարկման առարկայ  դարձած էր: