Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Նիկոլ Փաշինեանի եւ դրօշի յայտնի պատմութիւնը ստիպեց աւելի ուշադիր ըլլալ Երեւանի փողոցներուն մէջ բարձրացուած ՀՀ դրօշներուն: Կը թուի, թէ որեւէ խնդիր չկայ, որ կրնայ բարկացնել վարչապետը, որովհետեւ մեծ մասը ո՛չ փոշիոտ են, ո՛չ ալ անկիւնը խցկուած: Բայց կայ մե՜ծ «բայց» մը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի – Sputnik, Գոռ Մարգարեան. Արարատեան մաքսատան մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը զայրացուցած դրօշի պատմութենէն գրեթէ 2 շաբաթ  անցած է, բայց թեման դեռ կը քննարկուի ու մարդոց հանգիստ չի տար: Այնքան հանգիստ չի տար, որ վարչապետը  քանի մը օր առաջ ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով կրկին անդրադարձաւ այդ թեմային ու վստահեցուց, որ իր այդ օրուան ըրածը ճիշդ կը համարէ:

«Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ». Փաշինեան կրկին անդրադարձաւ անձնակազմի խնդրին

«Ան, որ կ’անարգէ քաղաքացին, կ’անարգէ նաեւ դրօշը, ան, որ կ’անարգէ դրօշը, կ’անարգէ նաեւ քաղաքացին, որովհետեւ առանց քաղաքացիի դրօշ չկայ եւ առանց դրօշի քաղաքացի չկայ», - ըսաւ Փաշինեան: Ու  կարեւոր բան մըն ալ` վարչապետը նշեց, որ մեր երկրին մէջ պետական խորհրդանիշերը կայացած չեն: Փաշինեան ըսաւ, ինք միայն մէկ մարդու չէ ազատած աշխատանքէն, այլ ազատած է նաեւ պետական պաշտօնեաներու, որոնք անարգած են դրօշը:

Որոշեցինք փոքրիկ հետազօտութիւն իրականացնել ու պարզել, թէ ուր, ովքեր ու ինչ ձեւով  կ’անարգեն ՀՀ դրօշը Երեւանի մէջ:

Նախ նշենք, որ ՀՀ դրօշի մասին օրէնքը յստակ կանոններ կը սահմանէ պետական այս խորհրդանիշին համար, թէ ուր կրնայ  այն գործածուիլ, ու եթէ կը գործածուի այլ դրօշներու հետ, ապա ինչ դիրք պէտք է ունենայ:

Հէնց սկիզբէն ըսենք, որ Երեւանի մէջ դժուար է հանդիպիլ այնպիսի կառոյցի, որուն դիմաց ՀՀ դրօշը այլ դրօշի հետ ճիշդ  գործածուած է, յատկապէս` հիւրանոցներու դիմաց:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Ըստ կառավարութեան 2016 թուականի սեպտեմբեր 2–ին կայացուցած որոշման` յստակ սահմանուած է, թէ ինչ պահանջներու պէտք է համապատասխանեն դրօշի թելերը, ինչ խտութեան պէտք է ըլլայ գործուածքը, եւ յստակ գրուած է, թէ դրօշի գոյները որ գունային մոտելներու արժէքներուն պէտք է համապատասխանեն: Քանի որ ատոնք անզէն աչքով հնարաւոր է տեսնել միայն ակնյայտ խախտման պարագային (օրինակ` նարնջագոյնի փոխարէն դեղին ըլլայ), մենք որոշեցինք առանձնացնել այն խախտումները, ուր սխալ է ՀՀ դրօշի դիրքը այլ դրօշի հետ գործածելուն:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Ատոնցմէ մէկը նոյնիսկ պատռուած էր:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Դրօշի մասին օրէնքը կ’ըսէ, որ մեր երկրի տարածքին մէջ այլ դրօշի հետ բարձրացուելու պարագային ՀՀ դրօշը պէտք է ըլլայ շէնքի ձախ կողմը (դէմքով դէպի այդ շէնքը): Եթէ միաժամանակ կը բարձրացուին կենտ թիւով  քանի մը դրօշներ, ապա ՀՀ դրօշը պէտք է բարձրացուի մէջտեղը: Եթէ կը բարձրացուին զոյգ թիւով դրօշներ, ՀՀ դրօշը պէտք է բարձրացուի կեդրոնէն ձախ (օրինակ` 6 դրօշի պարագային ՀՀ դրօշը պէտք է ըլլայ ձախէն երրորդը):

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Մեզի կը  մնայ յիշեցնել, որ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքը պատիժ կը սահմանէ դրօշն անարգելու համար: 331-րդ յօդուածը յստակ կը սահմանէ` Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգը, ինչպէս նաեւ այլ պետութեան պետական խորհրդանիշերն անարգելը կը պատժուի տուգանքով` նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն երկուհարիւրհիսնապատիկի չափով, կամ կալանքով` մէկէն երեք ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը մէկ տարի ժամկէտով:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ