ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի — Sputnik. Հայաստանի մէջ մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու 70 տոկոսը մանկապարտէզ չի յաճախեր: Այս մասին նշուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ի վաղ մանկական կրթութեան վերաբերեալ առաջին ընդհանուր զեկոյցին մէջ:
«Հայաստանի մէջ աւելի քան 171 000 երեխայ մանկապարտէզ չի յաճախեր»,– նշուած է զեկոյցին մէջ:
Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ի` ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ 10 երեխայէն միայն երկուքը մանկապարտէզ կը յաճախեն: Հայաստանի գիւղերուն մէջ այս ցուցանիշը նոյնն է: Քաղաքներուն մէջ, թէեւ իրավիճակը քիչ մը աւելի լաւ է, բայց այստեղ ալ մանկապարտէզ չյաճախող երեխաներուն թիւը մեծ չէ: Քաղաքներուն մէջ 10 երեխայէն 4-ը կը յաճախեն մանկապարտէզ:
Ի դէպ, ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով, մանկապարտէզ չյաճախելու հիմնական պատճառը մեր երկրին մէջ երեխայի մօր չաշխատիլը (53%), երկրորդ տեղը մանկապարտէզի բացակայութիւնը (28%), երրորդ տեղը` մանկապարտէզներու վարձավճարները (4%):
«Աշխարհի, նաեւ Հայաստանի մէջ շատ ու շատ երեխաներ նախադպրոցական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չունին, որուն պատճառով կը մեծնայ հաւանականութիւնը, որ այս երեխաներն աւելի ցած յառաջադիմութիւն կ’ունենան դպրոցին մէջ, կը յայտնուին դպրոցէն դուրս մնալու վտանգին տակ կամ կը մնան աւելի յաջողակ հասակակիցներու ստուերին մէջ»,– ըսուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ի զեկոյցին մէջ:
Ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած հարցումներուն ընթացքին Հայաստանի ծայրայեղ աղքատ բնակիչներու 9.8 %-ը պատասխանած է, որ ամենամօտ մանկապարտէզը կը գտնուի աւելի քան 10 քմ տունէն հեռու կամ շատ թանկ արժէ:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ը համոզմունք կը յայտնէ, որ նախադպրոցական կրթութիւն ստացող երեխաները երկու անգամ աւելի յաջող կերպով կ’իւրացնեն ուսողութիւնն ու օտար լեզուները, քան մանկապարտէզ չյաճախած երեխաները:
Իսկ այն երկիրները, ուր երեխաներուն մեծ մասը նախադպրոցական կրթութիւն չստանար, կը կորսնցնեն շահաւէտ ներդրում կատարելու հնարաւորութիւնը, կը խորացնեն անհաւասարութիւնը հասարակութեան տարբեր շերտերու միջեւ:
Միջազգային կառոյցի գնահատմամբ` Հայաստանի մէջ անբաւարար են նաեւ նախադպրոցական կրթութեան ոլորտի ներդրումները: