Նոր սիրտ, Ստեփանակերտի մէջ օծած են զուարթնոցատիպ եւ Արարատի խորհրդանիշով եկեղեցի

Եկեղեցւոյ մօտ կառուցուած է զանգակատուն: Ի դէպ, եթէ հեռուէն նայինք, անոնք միասին կը յիշեցնեն Մեծ եւ Փոքր Մասիսները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 7 ապրիլի —Sputnik, Արամ Գարեգինեան. Ստեփանակերտի մէջ երկար տարիներ միայն մէկ եկեղեցի եղած է (Սուրբ Յակոբ)-ը: Այսօր` ապրիլ 7-ին, կ’օծեն երկրորդը` Աստուածամօր Սուրբ Հովանի  եկեղեցին:

Նոր սիրտ, Ստեփանակերտի մէջ օծած են զուարթնոցատիպ եւ Արարատի խորհրդանիշով եկեղեցի

Այն իր յօրինուածքով կը յիշեցնէ յայտնի Զուարթնոցի տաճարը: Այն նոյնպէս եռայարկ է: Նայէք վերը` երկինք, եւ կը տեսնէք, թէ որքան թեթեւ ու ամուր  կանգնած է այդ եկեղեցին իր հողին մէջ: Իսկ ատոր համար ինչու՞ նայիլ վեր:

Թուրքիոյ հայերու քուլիսային պայքարը․Էրտողան պատրիարքի ընտրութիւններուն համար ժամանակ չունի

«Կը յիշեմ, մենք կանգնած էինք Շուշիի ժայռին վրայ` Ստեփանակերտի վերեւը: Հորիզոնին  սարերն են: Եւ եպիսկոպոս Պարգեւն ինծի ըսաւ․ «Կը տեսնե՞ս հորիզոնի սարերը: Ատիկա Մեծ Կովկասն է: Պարզ, ձմեռնային օր էր: Եւ ես այնպիսի թափ զգացի, որ այն պէտք էր արտացոլէի եկեղեցւոյ մէջ», - կը պատմէ եկեղեցւոյ ճարտարապետ Գագիկ Երանոսեան:

Եւ իսկոյն կ’ընդգծէ` թափը մեծութիւնը չէ: Ատիկա առաջին հերթին ոգին է: Այն կը զգացուի թէ՛ Մարմարաշէնի ոչ մեծ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ, թէ՛  Մաստարա գիւղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ բարձր, բազմանիստ կամարներուն նորքոյ եւ շատ այլ եկեղեցիներու մէջ, որոնք կ’ապրին ներկայ եւ պատմական Հայաստանի մէջ: Ատոնցմէ ալ ոգեշնչուած է Երանոսեան:

Ինչու՞ մենք ըսինք «ապրող», այլ ոչ թէ «կանգնած» եկեղեցի:

Դարեր առաջ, արեւի տակ տեղ որոնելով ապագայ եկեղեցւոյ համար, վարպետ շինարարը կը քալէր յուլիսեան նօսր խոտի վրայով: Կ’անցնէր քայլ մը, յետոյ եւս մէկը: Չափման միաւոր կը դառնար քայլը: Բարձրանալով շինարարական փայտամածներու վրայ եւ հաշուելով պատուհաններու համար անցքերը` վարպետը եւ որմնադիրները կապոյտ երկինքին տակ կը պարզէին արեւէն մգացած ձեռքերը: Բարձրութեան միաւոր կը  դառնար արմուկը:

Նոր սիրտ, Ստեփանակերտի մէջ օծած են զուարթնոցատիպ եւ Արարատի խորհրդանիշով եկեղեցի

Ինչպիսի՞ քարով  կառուցուած է եկեղեցին: Չորս հարիւր քիլոմեթր ճանապարհ կտրելով` այստեղ բերուած է Արթիկի տուֆը, որուն շնորհիւ Երեւանը կոչած են «Վարդագոյն քաղաք»:

Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ

Եւ ամէն պարագայի եկեղեցին որ հողի վրայ, որ կանգնած է, այդտեղի քարէն ալ պէտք է կառուցուի, մտածած է ճարտարապետը: Չէ՞ որ Գանձասարի, Ամարասի եւ Դադիվանքի համար քար  բերած են յարակից գիւղերէն եւ կիրճերէն: Այդ ժամանակ ո՞վ պէտք է այդքան քար տեղափոխէր հեռաւոր վայրերէ:

Քարը, որմով կառուցուած է Գանձասարը, արդիւնահանած են հէնց այդտեղ` Վանք գիւղին մէջ: Իր յատկութիւններով այն նման է տուֆին: Այն հեշտ է մշակելը: Ուղղակի այստեղ վաղուց քար չեն արդիւնահաներ: Անհրաժեշտ էր տեխնիկա, քարի մշակման հաստոցներ: Թերեւս  օր մը ատոնք այստեղ կը բերեն: Բայց առայժմ պէտք է ինչ-որ ուրիշ բան մտածել:

«Թերեւս Սիսիանի պազա՞լտ: Թէեւ այն շատ պինդ է: Փոխարէնն աւելի մօտ է, քան Արթիկը», - կ’ըսենք մենք:

«Այն իսկապէս շատ ամուր է, բայց նոյնպէս լաւ կը մշակուի: Ուղղակի այն գոյնով շատ պաղ է: Իսկ ես կ’ուզէի, որպէսզի եկեղեցին դառնայ կեանքի խորհրդանիշ: Ամէնօրեայ եւ ջերմ կեանքի: Ուստի ընտրեցի վարդագոյն եւ կարմիր տուֆը», -կը  պատասխանէ Երանոսեան: Այդպէս եկեղեցին կը դառնայ քաղաքի նոր սիրտը:

Յայտնի է` երբ տեղի կ’ունենայ «Արի պարի քոչարի» երկրորդ ֆլեշմոպը

Եկեղեցւոյ գմբէթը 30 մեթր բարձրութեան վրայ է: Բայց այդ բարձրութիւնը վերամբարձ սառը չէ: Եկեղեցւոյ պատուհաններն այնպէս  դասաւորուած են, որպէսզի լոյսն իյնայ սիւներուն վրայ, որոնք կը պահեն վերի յարկերը: Եւ սիւները թեթեւ կը թուին:

Երկու աշխարհները` երկրային ու երկնային, պէտք է այստեղ հանդիպին; Չխառնուին, բայց հանդիպին: Ուստի ներքեւը, ուր կանգնած են հաւատացեալները, պէտք է մութ ըլլայ, իսկ վերեը` լուսաւոր: Ատոր կը ծառայեն թէ՛ գմբէթը, թէ յարկերը, թէ՛ պատուհաններու դասաւորութիւնը, կ՛ըսէ Երանոսեան:

«Լոյսը, ձայնը․․․ Ճարտարապետը պէտք է նախատեսէ ատոնք: Պակաս կարեւոր չեն ատոնք մինչեւ վերջ հասկնալը եւ զգալը: Մարդը կու գայ եկեղեցի, ինչ-որ բան կը զգայ եւ յոյսով լի դուրս կու գայ: Եւ եկեղեցին պէտք է ըլլայ այդ ամէնը կրողը: Նոյնիսկ ամենահանճարեղ ճարտարապետը չի կրնար եկեղեցի կառուցել, եթէ չմտածէ այդ ամէնուն մասին», - կ’ըսէ Երանոսեան:

Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան

Եկեղեցւոյ մօտ կառուցուած է զանգակատուն: Ընդ որում, եթէ հեռուէն նայինք, անոնք միասին կը յիշեցնեն փոքր եւ մեծ սարերը: Ճարտարապետը հէնց այդպէս  մտածած է, որպէսզի ատոնք բարձրութեամբ եւ ծաւալով յիշեցնեն Մեծ եւ Փոքր Մասիսները:

Զուարթնոցի տաճարին նման Ստեփանակերտի եկեղեցին կլոր է: Հայաստանի մէջ նման եկեղեցիները քիչ են․ ատոնցմէ  քանի մը հատը աւերուած են երկրաշարժերու հետեւանքով: Ուստի եկեղեցին կառուցուած է թեթեւ տուֆով, իսկ ատոր համամասնութիւններն այնպէս  հաշուարկուած են, որպէսզի նոյնիսկ 9-աստիճանի երկրաշարժը հիմնայատակ չաւրէ եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ արեւելեան պատին փորագրուած է 12-մեթրանոց խաչ: Անոր համար չէ, որ արեւելքէն տեսնեն: Ուղղակի եկեղեցիներուն մէջ խորանը պէտք է նայի դէպի արեւածագ: Արեւելքը ապագան է: Մարդիկ ամուր հաւատքով կը նային դէպի արեւելք: