Երեւան, 5 ապրիլի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան․ Թուրքիոյ հայերու շարքերուն մէջ ոչ պաշտօնական պայքար կ’ընթանայ`կապուած հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կոստանդնուպոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ: Այդ մասին ըսաւ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագրապետ Բագրատ Էսթուքեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:
Յիշեցնենք, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան մահացած էր մարտի 8–ին: Ան 2008 թուականէն կորսնցուցած էր յիշողութիւնը եւ կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ: Մեսրոպ Մութաֆեանի մօտ Ալզհայմըրի հիւանդութիւն ախտորոշած էին: Ան մօտ 11 տարի թմբիրի (կոմա) մէջ էր: Այդ ընթացքին պատրիարքարանը փաստացի ղեկավարած է Էրտողանի դրածոյ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանը: Սակայն ան չէ արդարացուցած ոչ Թուրքիոյ հայ համայնքի՛, ոչ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի վստահութիւնը՛:
Ի դէպ, քանի որ Աթէշեան առանց ամչնալու կը պարծենայ Էրտողանի հետ յարաբերութիւններով, անոր երբեմն կ’անուանեն «Աթէշօղլու»:
«Պատրիարքի ընտրութիւններու հարցը կը քննարկուի Զատիկէն յետոյ, որ տեղի կ’ունենայ ապրիլ 21-ին: Մինչ այդ կ’ընթանայ քուլիսային պայքար, սակայն պաշտօնապէս ոչ մէկը այդ մասին բան կ’ըսէ», - ըսաւ Էսթուքեան:
Անոր խօսքով`արդէն կան քանի մը խումբեր, որոնք կը ցանկան իրենց թեկնածուները առաջադրել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի պաշտօնին: Սակայն այդ բոլոր գործընթացները կը կրեն ոչ պաշտօնական բնոյթ: Զատիկէն յետոյ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին այս տարի կը նշէ ապրիլ 21-ին, համայնքի ներկայացուցիչները պէտք է պաշտօնական հարցում ուղարկեն կառավարութիւն`ընտրութիւնները կայացնելու թոյլտուութիւն ստանալու համար:
Տեսականօրէն թրքական իշխանութիւնները չեն կրնար ձգձգել ընտրութիւնները կայացնելու հարցը կամ հանդէս գալ թեկնածուներուն դեմ, ինչպէս ատիկա արդէն ոչ մէկ անգամ ըրած են :
Էսթուքեանի խօսքով` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ անակնկալները բացառուած չեն, եւ սփիւռքը կը պատրաստուի իրավիճակի զարգացման տարբեր սենարներու:
Նշենք` 2017 թուականի մարտին Պոլսոյ մէջ կայացած էին Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդի ընտրութիւններ: Այն ժամանակ երեք թեկնածու առաջադրուած էր`Արամ Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին Պեքչեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ Սահակ Մաշալեան, որ վերջին պահուն հանած էր իր թեկնածութիւնը: 34 ընտրողներէն 23–ը քուէարկած էին Պեքչեանի օգտին, 11–ը` Աթէշեանի:Վերջինս 2017 թուականի մայիսին հրաժարական տուած էր, իսկ Պեքչեան փոխանորդ դարձած էր ու սկսած պատրաստուիլ նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն:
Սակայն Թուրքիոյ իշխանութիւնը չէր ճանչնար Պեքչեանը ու մերժած էր հոգեւոր խորհուրդի՝ Պոլսոյ պատրիարքի լիարժէք ընտրութիւններու հարցը: Աթէշեան վերադարձած էր պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին:
Միաժամանակ, ինչպէս նշեց Էսթուքեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները հիմա չեն կրնար զբաղուիլ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններով, քանի որ զբաղուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու հարցերով, որոնք կայացած են երկրին մէջ մարտ 31-ին: Անոր կարծիքով`այդ պատճառով իշխանութիւնները պիտի յետաձգեն պատրիարքի ընտրութիւնները կայացնելու թոյլտուութեան տրամադրումը:
Յիշեցնենք` ХХ դարու 50–ականներուն մէկուկէս միլիոնանոց Պոլսոյ մէջ 150 հազար հայեր կ’ապրէին: Այսօր գրեթէ 20-միլիոնանոց Պոլսոյ մէջ մնացած են հազար յոյն, 20 հազար հրեայ ու 40 հազար հայ: