Անցած կիրակի հեռաւոր Մատրիտի մէջ երկրային ուղին աւարտեց Մարդ մը, որ կրցաւ ոչ միայն յաղթահարել իր ցաւը, այլ ատոր միջով անցնելով` բարձրաձայնեց, աղաղակեց ամբողջ ժողովուրդի մը դեռ հատուցում չստացած ցաւին եւ ողբերգութեան մասին:
Մարդ, որ ըլլալով ճանչցուած լրագրող, ոչ բռնի պայքարի համոզուած կողմնակից` 1980-ին դիպուածաբար, բայց շատ լրջօրէն տուժած էր ԱՍԱԼԱ-ի մատրիտեան գործողութեան հետեւանքով, ռումբերէն մէկուն պայթիւնէն:
Մարդ, որ յաղթահարելով իր անձնական ցաւն ու իրարայաջորդ վիրահատութիւններու յարուցած առողջական խնդիրները, ոչ թէ պարզապէս վեր կանգնեցաւ այդ ամէնէն, այլեւ գրեց «La bomba» («Ռումբը») գիրքը` պատմելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Շարունակելով պրպտումները եւ ուսումնասիրութիւնները սպանացի յայտնի լրագրողը տարիներ անց հրատարակեց նաեւ «Հայերը. Մոռցուած ցեղասպանութիւն» գիրքը:
Մարդ, որ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին բազմահոծ սպանախօս աշխարհին մէջ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վկայախօսը…
Այդ Մարդը Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանն է:
Այո, հէնց` ան է՛: Որովհետեւ նման մարդոց յիշատակին առջեւ մահն ալ անզօր է ու անկարող անցեալ ժամանակ թելադրել: Ու թող այս հրապարակումը յարգանքի ու երախտիքի փոքր նշան ըլլայ սպանացի լրագրողին, գրողին ու մեծ Մարդուն յիշատակին:
Ճակատագրի բարեհաճ բերմամբ, Sputnik Արմենիան անցած տարիներուն երկու անգամ անդրադարձած է մեր ազգի սպանացի բարեկամին, պատմած անոր հետ կատարուածին եւ ատոր յաջորդած խիստ հետաքրքրական շարունակութեան մասին:
Ուստի ճիշդ պիտի ըլլայ այստեղ զետեղել այդ նախորդ` 2016 թուականին թողարկուած հրապարակումներու յղումները`
1 «ԱՍԱԼԱ-ի պայթիւնէն տուժած սպանացին նուիրուեցաւ Հայ Դատին»,
2 «ԱՍԱԼԱ-ի գործողութենէն տուժած սպանացին սիրեց Հայաստանն ու հայերը»:
Նաեւ տեղին կ՛ըլլայ մէջբերել փոքր հատուած մը.
«…Աւելի քան 30 տարի է, որ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան կ’ուսումնասիրէ Հայոց ցեղպասպանութիւնը, կը դատապարտէ երիտթուրքերու իրականացուցած ոճիրն ու Թուրքիոյ կոչ կ’ընէ ճանչնալու զայն: Կուռիարան դարձած է հայ ժողովուրդին մեծ բարեկամն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովը Սպանիոյ մէջ: Այն, որ կը մոռցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, հիմնական մեղաւորը միջազգային եսասիրութիւնն է. առիթով մը ըսած է Կուռիարան:
«Թրքական կառավարութիւնն իր աչքերն ու ականջները կը փակէ: Իր նախնիներուն ըրածն ընդունելու քաջութիւն չունի: Չնայած Թուրքիոյ մէջ արդէն իսկ յայտնուած են մտաւորականներ, որոնք կը դատապարտեն ցեղասպանութիւնը, օրինակ` Օրհան Փամուկն ու Թաներ Աչքամը»,-ըսած է Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան:
Ոչ պակաս ճակատագրի բարեհաճութիւն է, որ Ե.Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան ոչ միայն ուսանողական ընկեր է, այլեւ հեղինակը «Պայթիւններ Թուրքիոյ մէջ եւ… ոչ միայն» գիրքին (լոյս տեսած է 2017-ին, վերահրատարակուած 2018-ին), որուն 5-րդ մասը` «Ռումբով վաստակած բարեկամութիւն», նուիրուած է Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանին:
Կարօ Վարդանեան սիրով եւ բարեկամաբար տրամադրեց գիրքին այդ հատուածը, ուր կը պատմէ իր եւ ԱՍԱԼԱ-ի` չի յիշատակուող կարեւոր ներկայացուցիչին, յիշեալ ճակատագրական ռումբը տեղադրած անձնաւորութեան հետ խօսակցութեան մասին կամ հէնց խօսակցութիւնը.
«Երեւի տեղեակ ես, որ տարիներ առաջ Կուռիարան եկաւ Հայաստան, միայն ափսոս` ոչ պետութեան հրաւէրով: Սփիւռքահայ ընտանիք մը հրաւիրած էր: Այցելեց Եռաբլուր, ծաղիկ տեղադրեց Մոնթէի շիրիմին, Արցախի մէջ նոյնիսկ պահանջեց իրեն տանիլ Մարզիլի գիւղին մօտակայ այն վայրը, ուր Մոնթէն զոհուեցաւ: Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Ալեքին:
Մենք շատ բարեկամներ չենք ունեցած: Մատներու վրայ կարելի է հաշուել Նանսենի, Լեփսիուսի, Մորկենթաուի, Վէկների ու Վերֆելի նմանները: Կուռիարան անոնցմէ է, մեզի համար ըրաւ ու կը շարունակէ ընել անոնցմէ ոչ պակաս, իսկ մենք դեռ կարգին չենք ճանչցած զինք: Եթէ 1980-ին ան մեր ռումբի զոհն էր, ապա հիմա մեր պետութեան ու հասարակութեան անտարբերութեան զոհն է: Մենք նոյնիսկ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արարողութիւններու ժամանակ չյիշեցինք զինք ու պաշտօնապէս չհրաւիրեցինք Հայաստան: Բայց այդ մարդն ինչ հոգիի տէր է, որ կը շարունակէ ամէն առիթով մեր ցաւը տարփողել ու ներկայացնել մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը»,-իր զրուցակիցին կ’ըսէ Կարօ Վարդանեան:
Իսկ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկն ալ քիչ անց կը պատմէ իր եւ Կուռիարանի հանդիպման մասին.
«Կուռիարանին հանդիպած եմ 2008-ին, Հալէպ: Այնտեղի հայ համայնքը, աւելի ստոյգ` Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, յայտարարութիւն տարածած էր, որ ապրիլի վերջերը Կուռիարան Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հանդէս պիտի գայ դասախօսութեամբ: Ես շատ կ’ուզէի տեսնել անոր եւ եթէ հնարաւորութիւն ըլլար` զրուցել հետը, ուստի այդ օրերուն մեկնեցայ Հալէպ: Ինծի շատ տպաւորեց անոր խօսքը, որ տեւեց երկու ժամէն աւելի: Ամբողջ դահլիճը հմայուած կը լսէր զինք ու կը համոզուէր, թէ որքան քիչ բան գիտենք մենք մեր պատմութեան մասին: Ան հետը բերած էր այդ ամիսներուն իր նոր լոյս տեսած գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Տարիներուն ընթացքին այնքան խորացած էր մեր ժողովուրդի պատմութեան մանրամասնութիւններուն մէջ, որ նոյնիսկ առանձին թեմա պատրաստած էր հայ-սպանական պատմական առնչութիւններուն մասին: Մենք առաջին անգամ անոնցմէ իմացանք, որ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորներէն մէկը եղած է Մատրիտի շրջանի կառավարիչը:
Դասախօսութենէն ետք շատերը հաւաքուեցան անոր շուրջը եւ սկսան հարցեր տեղալ: Կը պատասխանէր սիրով` յատուկ ընդգծելով իր հիացումը մեր մշակոյթին հանդէպ: Առիթէն օգտուելով` ինքզինքիս թոյլ տուի հարցնելու, թէ որեւէ դառնութիւն պահա՞ծ է հայերուն պատճառով հաշմանդամութենէն ետք: Չեմ թաքցներ, ինծի աւելի թեթեւ կը զգայի, եթէ ան մեղադրէր մեզ, ըսէր, որ մեծ անարդարութիւն տեղի ունեցած է: Ատիկա պիտի ըլլար շատ բնական ու սպասելի: Ախր այդպիսի շարժուն ու գործունեայ մարդը շուրջ երեսուն տարի գամուած էր սայլակին կամ ձեւով մը կը շարժէր յենակներով: Ես հանգիստ կը տանէի ամենախիստ քննադատութիւնը, քանի որ իմ հաւատքս մեր գործին, մեր կիրառած մեթոտներուն հանդէպ միշտ ամուր եղած է: Բայց անոր պատասխանն ինծի թեւաթափ ըրաւ:
- Ին՞չ ըսաւ:
- Ըսաւ, որ իր տառապանքը չնչին բան է հայ ժողովուրդի կրած տանջանքներուն համեմատ»:
Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ: Ու կը հեռանայ տեսակ մը աննկատ: Ու նման մարդոց պարագային քիչ է ըսել` յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Պէտք է առնուազն շարունակել գնահատել գործը, վաստակն ու մարդկային մեծութիւնը:
Պատրաստեց Արմէն Յակոբեան