Ին՞չ ընել․․․Գաղափար մը ծնաւ «ընկերական աւանդոյթէ»` ընկերներով կը սիրէին քաղաքէն դուրս երթալ, զբօսնել հետաքրքիր ու անսովոր երթուղիներով, բացայայտել զբօսաշրջային անյայտ բնակավայրեր: Իսկական ճամբորդներու նման նոյնիսկ վրան ձեռքբերած էին գիշերակացի համար: Ասկէ՞ ալ լաւ, հետաքրքիր եւ «աշխոյժ» գաղափար․․․
2010-ին Ազատ հիմնեց «Free step» լեռնային եւ ծայրայեղ զբօսաշրջութեան ակումբը: Սկիզբը ակումբի կազմակերպած արշաւներուն կը մասնակցէին միայն տեղացիները: Յետոյ ծանօթացաւ արշաւներու երեւանցի կազմակերպիչներու հետ, որոնք նաեւ զբօսաշրջական խումբեր կը բերէին դէպի Արցախ: Ազատ անոնց ցոյց տուաւ «իր Արցախը»` ոչ թէ դասական, այլ հեղինակային, իւրօրինակ երթուղիներով: Այդպէս ընկերացան եւ սկսան իրենց զբօսաշրջիկները վստահիլ անոր: Մօտ երկու տարի անց արդէն հայ զբօսաշրջիկներուն միացան օտարերկրացիները` ՌԴ–էն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն... Բնականաբար, հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին լսած իւրաքանչիւր օտարերկրացիի կը հետաքրքրէ, թէ ի վերջոյ որո՞ւն տարածքն է Արցախը, ինչո՞ւ համար է կռիւը, ո՞վ որուն հողը գրաւած է:
«Սկիզբը կ’ըսեմ` մենք իրենց հետ խնդիր չունինք, իրենք մեզի հետ ունին, մենք մեր հողը կը պաշտպանենք, իրենցը մեզի պէտք չէ: Մենք պատրաստ էինք իրենց հետ բարեկամութիւն ընելու, բայց իրենք ամէն ինչ փչացուցին»,- կը պատմէ Ազատն ու կ’աւելցնէ, որ երբ զբօսաշրջիկներուն կ’ուղեկցի, յայտնի «Զոնտիկներ», կը յիշէ պապիկի պատմութիւնները, որ ատրպէյճանցիները վերէն քարեր կը նետէին, կը վառէին չորցած խոտերը, իսկ «իրենց Նովրուզ Պայրամի ժամանակ գիւղէն մարդիկ կը գողնային,կը մորթէին»:
Ազատ ծնած է 1990-ին, պատերազմէն շատ բան չի յիշեր, բայց կան պատկերներ ու ձայներ, որ աչքին առջեւէն չեն հեռանար` «ռումբը հարեւանի բակը կ’իյնայ, մարդիկ այս ու այն կողմ կը վազեն, ուղղաթիռին ձայնը, վիրաւորուած եղբօրը ուղղաթիռով Երեւան կը տանին»: Ան պատերազմ տեսաւ ապրիլեան դէպքերու ժամանակ․ամսու 2-ին ընկերոջ հետ արդէն գրանցուեցան որպէս կամաւոր: Շատ չի խօսիր այդ օրերուն մասին, միայն կ’ըսէ, որ ապրիլեան դէպքերը դաս էին բոլոր երիտասարդներուն համար, որոնք 90-ականներու պատերազմին չէին մասնակցած․ հասկցան, որ հրամանի պիտի չսպասեն, երբ հարցը հայրենիքի պաշտպանութեան, ըլլալ-չըլլալուն կը վերաբերի: Կ’ըսէ, որ այդ դէպքերէն յետոյ աշխարհի մէջ շատերն իմացան Արցախի մասին: Կը յիշէ` 4 հրեայ պատմաբաններու, որոնց Արցախ բերած էր իրենց մասնագիտական վէճը` Արցախը հայկական, թէ՞ ատրպէյճանական հող է:
«Ես անոնց պարզապէս տարի, ցոյց տուի մեր պատմական վայրերը, խաչքարեր եւ այլն․իրենք ամէն ինչ հասկցան»:
Այսպիսով, Ազատն Արցախի մէջ ոչ միայն զբօսաշրջութիւնը կը զարգացնէ, այլեւ «դիւանագիտական հարցեր կը լուծէ»: Վստահ է` որքան շատ արտասահմանէն հիւրեր գան, ճշմարտութիւնն իմանան ու այդ մասին պատմեն իրենց հայրենիքին մէջ, այնքան ատիկա կ’օգնէ Արցախի միջազգային ճանաչման: Դիւանագէտ-զբօսավարը պարբերաբար նաեւ «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը (location) դարձնելով Արցախ, Հայաստան (Google-ի մէջ Ստեփանակերտը նշուած է Խանքենդի, Ատրպէյճան): Ասոր վերաբերեալ Ազատը ամբողջ ռազմավարութիւն մը մշակած է: Սկսինք սկիզբէն:
Քանի մը տարի առաջ Ստեփանակերտի մէջ ան հիմնեց «Բառդակ» փաբը․կարճ ժամանակուան մէջ այն դարձաւ ոչ միայն ստեփանակերտցիներու, այլեւ Արցախ ժամանող հիւրերու սիրելի վայրը: Զբօսաշրջիկներէն շատերն անգամ գիշերած են փաբին մէջ` հէնց այնպէս, առանց վարձատրութեան: Իրենց հիւրերն են եւ Արցախէն պիտի լաւ տպաւորութեամբ հեռանան: Այդպէս Ազատ սկսաւ մտածել` ի՞նչ այլընտրանք կրնայ գտնել փաբի համար:
Ամենաքիչ ծախսատար եւ հնարամիտ տարբերակը հանրակառքն էր: Ընկերներուն օգնութեամբ գործը համարեայ աւարտին կը հասնի: «Հանրակառք հոսթել»-ը առեւտրային նախագիծ չէ․ իմաստը ասիկա է` անվճար կը տրամադրէ օտարերկրացի զբօսաշրջիկին այն պայմանով, որ զբօսաշրջիկը Google-ին բողոքէ Ստեփանակերտի անուան եւ տեղադրութեան նշման համար: Այս հարցով Ազատ մտահոգ է, որովհետեւ Google-ը նոր սահմանափակում մտցուցած է. արդէն որքան ժամանակ է` Արցախէն որեւէ կերպ չի յաջողիր բողոքել: Այստեղ ալ Ազատի դիւանագիտական միտքն աշխատեցաւ` challenge․ զբօսաշրջիկը կը նկարուի, կը նշէ ընկերոջ` տեղադրելով #Artsakh_is_Armenia հեշթեգը: Challenge-ի կանոնները պահպանած զբօսաշրջիկն անվճար կը գիշերէ «Հանրակառք հոսթել»-ին մէջ: Ասիկա, ի հարկէ, համարժէք չէ Google-ին բողոքելուն, բայց գոնէ բան մըն է:
Ազատ հիմա նոր նախագիծի վրայ կ’աշխատի` զբօսաշրջիկներու համար ճամբար-կեդրոն: Ճամբարն, երկու մասէ կազմուած պիտի ըլլայ․մէկ մասին մէջ տեղադրուած պիտի ըլլան փոքրիկ տնակներ, որոնք կը վերանորոգուին, կը թարմացուին զբօսաշրջիկներու համար, միւս կէսը նախատեսուած պիտի ըլլայ վրանով ճամբորդողներու համար: Ազատի դիտարկմամբ` վրանով ճամբորդողներէն շատերը տարբեր երկիրներէ պլոկըրներ են, եւ կարեւոր է, որպէսզի պլոկըրները ճիշդ միջավայրի մէջ կանգ առնեն, մարդոց հետ շփուին եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւն ստանան, որպէսզի յետոյ իրենց պլոկային պատմութիւններուն մէջ Արցախի մասին ճիշդը գրեն:
«Որքան շատ գրեն եւ նկարներ համացանցի վրայ տարածեն, այնքան մեզի օգուտ է, իսկ ատոր համար պէտք է, որ իրենց հեռախօսներն ու համակարգիչները միշտ լիցքաւորուած ըլլան»,- կ’ըսէ Ազատն ու կը շարունակէ, որ արեւային ուժով լիցքաւորման համար յատուկ վահանակներ պիտի տեղադրուին:
«FoRRest Camp Artsakh»- ի մէջ կան 3 գետնափոր մառաններ, որոնք հիմա իրենց նպատակին չեն ծառայեր: Ազատը որոշած է ատոնք վերածել հոբիթային տնակներու` «hobbiton»-ներու․ դեռ չի գիտեր, թէ ատոնք ինչի համար պիտի ծառայեցնէ` զբօսաշրջիկներու գիշերակացի, թէ մէկ այլ բանի, բայց որոշած է տարածքի բոլոր հնարաւորութիւններն ու ատկէ աւելին օգտագործել:
Չէք հաւատար, բայց անով Ազատի եւ անոր հնարամիտ նախաձեռնութիւններուն մասին պատմութիւնը չաւարտուիր. ան նաեւ հիմնած է կարուձեւի արտադրամաս` «Made in Artsakh», ուր տարատեսակ արտադրանք կը ստեղծուի` յայտնի ապրանքանիշերու անուններն ու արտայայտութիւնները արցախեան ձեւակերպում կը ստանան, օրինակ, «Lavը՞s», «Don't դիլխոր, be ուրախ» եւ այլն: Հիմա արտադրութիւնը ժամանակաւորապէս կանգնած է, որովհետեւ հումքի խնդիր կայ․ սկզբունք է` թրքական որեւէ բան չօգտագործուիր:
Ուրիշ վայրի մը մէջ ապրիլը Ազատի մտքով չի ալ անցնիր․ «Ինչո՞ւ ուրիշի համար պիտի աշխատիմ․ իմ նպատակս հարստանալը չէ․․․եթէ խնդիր մը ըլլայ, ընկերներս արագ կը հաւաքուին ու ինծի կ’օգնեն, եթէ ոտքս քարին դէմ գայ, ընկերներս այդ քարը կ’օգնեն տեղաշարժել, իսկ դուրսը քար մըն ալ իրենք կը բերեն, ոտքիս տակ կը դնեն: Բացի ատիկա, երթալու ըլլայի, 90-ին կ’երթայի ընտանիքիս հետ, հիմա ալ ու՞ր երթամ»,- կ’եզրափակէ իր պատմութիւնն Ազատ: Իսկ մենք կը պայմանաւորուինք շուտով հանդիպիլ Արցախի մէջ, որպէսզի այն, ինչ պատմեց, ցոյց տայ, նաեւ ներկայացնէ իր նոր գաղափարներն ու նախաձեռնութիւնները:
Յ․Գ․Ազատի հետ գրեթէ 1 ժամ կը զրուցէի վայպըր տեսազանգով: Հարցերս չէին աւարտեր, զրոյցն ընդհատել ստիպեց միայն հեռախօսի մարտկոցի լիցքաթափումը: Քանի մը վայրկեան ժպիտը դէմքիս նստած էի, յետոյ Ազատին նամակ գրեցի` «շնորհակալ եմ»: Ու շնորհակալութիւնս միայն հարցազրոյցի համար չէր․ Ազատն ինծի հայրենիքը սիրելու դաս տուաւ: