«Ես ինձմէ կը նախանձիմ». փոքրիկ հայուհին գերած է վրացի հաղորդավարները. տեսանիւթ

Եւա Եղիկեան ցնցած է վրացական «Իմետի TV» հեռուստաընկերութեան «Իմետիի օրը» ծրագիրի հաղորդավարները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 28 մարտի — Sputnik. Հայ–վրացական արմատներով մոսկուացի աղջիկը` Եւա Եղիկեանը, մօր` Թամար Մաչարաշուիլիի հետ մասնակցած է վրացական «Իմետի TV» հեռուստաընկերութեան «Իմետիի օրը» ծրագիրին:

Տաղաւար մտնելուն պէս ան իսկոյն հմայած է հաղորդավարներ Էկա Ամիրանջիպին, Նանիկօ Արխազարաձէն ու Նիկոլոզ Սուլուկիձէն:

Նշենք, որ Եւան յայտնի դարձած է ռուսական Առաջին ալիքի «Лучше всех» («Լաւագոյնը») ծրագիրին միջոցով, երբ ռատիօհաղորդավար դառնալու երազանք ունեցող աղջիկն իր սրամտութեամբ մրցած է հաղորդավար Մաքսիմ Կալքինի հետ:

Յատուկ ջոկատային հովիւները կամ ամենակարճ ռուս–թրքական պատերազմը Հայաստանի մէջ

Անոր հայրը հայ է, մայրը` վրացի, իսկ Եւան ծնած է Մոսկուայի մէջ:

Վրացական  սթուտիոյին մէջ Եւայի հետ ծանօթութիւնը սկսած է հայերէն ողջոյնի խօսքերով, Նիկոլոզ Սուլուկիձեն յայտարարած է. «Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն, Եւա Եղիկեան»: Չորս տարեկան փոքրիկն ալ ինքզինքը չէ  կորսնցուցած եւ վրացերէն պատասխանած է` «Գամարջոբա» (բարեւ):

«Ուրախ եմ, որ ինքզինքս  կը տեսնեմ բեմի վրայ, նոյնիսկ արդէն կը նախանձիմ», – հաղորդավարներուն ըսած է Եւան:

Աղջկան մօրը` Թամարի խօսքով, Եւան բացի ռուսերէնէն, նաեւ վրացերէն եւ հայերէն կը սորվի, լողի պարապմունքներու կը  յաճախէ:

Անցումային արդարադատության հակառակ երեսը. արդյո՞ք ներկա իշխանությունն այդքան ազնիվ է

«Եւան երկու տարեկանէն կ’երազէ յայտնուիլ հեռուստածրագիրի մէջ:  Ան կրնար բերանը բաց ժամերով նստիլ եւ նայիլ «Лучше всех»–ը, – ըսած է Թամարը:

Մօր խօսքով` աղջիկը պատահաբար յայտնուած է  Կալքինի ծրագիրին մէջ:

Շոուի արտադրողը Եւայի տեսանիւթերը տեսած է Instagram–ի վրայ, որոնք կը հրապարակէ Թամարը, կապ հաստատած է  աղջկան ծնողներուն հետ եւ խնդրած տեսանիւթ մը նկարել, ուր աղջիկը կը պատմէ իր մասին:

«Մենք ձայնագրեցինք, ուղարկեցինք տեսանիւթը եւ Պաթումի տոմս գնեցինք: Կ’ուզէինք հանգստանալու երթալ: Չէինք սպասեր, որ մեզի կը կանչեն», – ըսած է Թամարը:

Բայց Եւայի տաղանդը գնահատած են ըստ արժանուոյն եւ հրաւիրած ծրագիրին:

Հայկական թեմայով ցուցահանդէս` Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքի հրէական սինակոկին մէջ

Թամարը խոստովանած է, որ Եւայի ելոյթն ամբողջութեամբ յանպատրաստից եղած է , աղջիկը նախօրօք չէ պատրաստուած:

Աղջկան մայրն ըսած է նաեւ, որ Եւան անդադար կը խօսի, քունի մէջ ալ երբեմն կ’երգէ:

Եւան վրացի հաղորդավարներուն վերջնականապէս տապալած է, երբ հայերէն ու վրացերէն բանաստեղծութիւններ  արտասանած է:

Փոքրիկը համացանցի վրայ խոհարարական էջ ունի. ան ճաշ եփել կը սորվեցնէ մարդոց:

Մանրամասնութիւնները դիտէք տեսանիւթին մէջ: