ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի — Sputnik, Արամ Գարեգինեան․ երբեմնի Ատրպէյճանական ԽՍՀ սահմանին գտնուող այս հայկական գիւղը 1978-ին փոխած է անունը: Այդ ժամանակէն ի վեր այն կը կոչուի Բերքաբեր: Տեղի բնակիչները կը բացատրեն գիւղին անունը` բերք բերել: Այստեղի հողին շնորհիւ անոնք դիմացած են այն ամէնուն, ինչ տեղի ունեցած է սահմանին: Գիւղացիներն այդպէս կ’ապրին նաեւ հիմա:
Մենք չենք ըսեր, թէ ճիշդ ուր կը գտնուին Արա Խուտավերտեանի եւ անոր հօր` Մամիկոնի այգիները: Միայն կ’ըսենք, որ ատոնք շատ մօտ են սահմանին: Անոնց դիմաց` 400 մեթրի վրայ, կը գտնուին ատրպէյճանական դիրքերը: Անոնց միջեւ Ջողազի ջրամբարն է:
Այստեղ կը վաճառեն ինչպէս թարմ արքայանարինջ, այնպէս ալ ատոր չիրը: Չորանոցը դիրքերուն մօտ չէ, այլ հէնց գիւղին մէջ է:
«Բայց տարբերութիւն չկայ: Գիւղին մէջ այնպիսի տեղ, այնպիսի անկիւն չկայ, որ նշանառութեան տակ չըլլայ», - կ’ըսէ Արա Խուտավերտեան:
Արքայանարինջի այգիները 1989-ին տնկած է անոր հայրը` Մամիկոն Խուտավերտեան: Արան այդ ժամանակ 3-4 տարեկան եղած է: Միւս ափին իրենց այգիներուն մէջ վազվզած են ուրիշ տղաներ: Հիմա անոնք մեծցած են եւ կ’աշխատին դաշտին մէջ: Արան անոնց մասին կը պատմէ առանց աչքերուն մէջ գիշատիչ փայլի: Ան առանց այդ ալ ամուր կանգնած է իր հողին վրայ:
«Հենց այգիին դիմաց ատրպէյճանական գիւղ է` Մազամը: Դուն անզէն աչքով կը տեսնես անոնց: Ինծի պէս կ’աշխատին, կը հնձեն, կը հաւաքեն: Այնքան մօտ է, որ շորերու գոյնը կրնաս տեսնել», - կ’ըսէ ան:
Անցեալին` 90-ականներուն, երկու ափերէն խօսած են իրար հետ: Այդ ժամանակ մեր կողմէն տղաները հայերէն գոռացած են, դիմացէն` ատրպէյճաներէն: Յետոյ դադրած են գոռալ: Վերջին անգամ այն կողմէն կրակած են անցած աշնան: Աւելի լարուած տարիներ եղած են: Պատահած է, որ այստեղ նոյնիսկ չեն կրցած բերք հաւաքել: Ստիպուած եղած են գիշերն աշխատիլ:
Խուտավերտեաններն այգիին մէջ հայերէնով եւ անգլերէնով մեծ գրութիւն տեղադրած են` «Խաղաղութեան այգի»: Այդ գրութիւնը լաւ կ’երեւի միւս կողմէն: Չեն ձգտիր յառաջացնել հարեւաններու կարեկցանքը: Աւելի շատ` կը դիմեն անոնց մարդկային բանականութեան: Եւ կ’աշխատին նախկինին պէս:
«Այստեղ` Նոյեմբերեանի շուրջ գտնուող գիւղերուն մէջ, արքայանարինջի այգիներ շատ կան: Եղանակը բարենպաստ է, ձմեռը զերոյէն ցած գրեթէ չըլլար: Իսկ մենք յատուկ տեսակ տնկած ենք: Միւսներուն նման չէ: Անուանումը լաւ չեմ յիշեր, վախնամ` սխալիմ: Բայց պտուղը կլոր չէ սովորականի նման, այլ տափակ: Քիչ մը նման է լօլիկի: Եւ շատ բուրաւէտ է: Իսկ ատոր չիրը իւրայատուկ է: Եթէ կը յիշէք, սովորական արքայանարինջէն քիչ մը մուգ շագանակագոյն, գրեթէ սեւ չիր կը ստացուի: Իսկ այս պարագային` դեղին», - կ’ըսէ Արան:
Երկար տարիներ այգիին մէջ աշխատած է անոր հայրը: Արան աշխատած է Վրաստանի մէջ: Երեք տարի առաջ ան վերադարձած է եւ կրկին կ’աշխատի հօրը հետ: Ան հոգ կը տանի ոչ միայն իր մասին:
Բերքաբերը` որպէս սահմանային գիւղ, ոռոգման ջուրը կը ստանայ սակագինի 50 տոկոս զեղչով: Մեզի այդպէս կը թուի, թէ պետութիւնը մեծ է, իսկ Բերքաբերը` փոքր: Իսկ մարդիկ այստեղ այլ կերպ կը մտածեն․ «Պետութիւնը նաեւ մենք ենք»: Խուտավերտեանները գնած եւ իրենց ձեռքերով սարքաւորած են կաթիլային համակարգ իրենց 2,6 հեկտար այգիին մէջ: Չէ որ Ջողազ գետը (որ կը թափուի նոյնանուն ջրամբարը) փոքր է: Եւ ջուրը կրնայ բոլորին չբաւականացնել, յատկապէս ամառը: Պէտք է մտածել նաեւ համագիւղացիներուն մասին, որոշած են հայրն ու որդին:
Իսկ համագիւղացիները կ’օգնեն հաւաքել բերքը եւ չորացնել միրգը: Այդպէս կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր (թէկուզ սեզոնային): Բայց Խուտավերտեաններուն համար այդ մարդիկ ամէնէն առաջ թանկագին հիւրեր են: Կան նաեւ այլ հիւրեր, որոնց առջեւ դռները բաց են որեւէ ժամանակ:
«Մեր զինուորները: Մեր զինուորներուն կանաչ լոյս տրուած է, առանց կանչելու ալ երբ ուզեն, կրնան գալ: Բերքահաւաքին ալ միշտ ինչ-որ մեծ քանակութեամբ կը հաւաքեմ, կ’ուղարկեմ տղերքին», -կ’ըսէ Արան:
Եւս հիւր մը, որուն միշտ կը սպասեն, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Բագրատ սրբազան Գալստանեանն է: Ան կ’օրհնէ պտուղները եւ ատոնք կը բաժնէ ուրիշներուն` ահա թէ ինչ ուրախութիւն կը տարածէ այստեղ: Եւ ոչ միայն այստեղ: Անոր անխոնջ ծառայութիւնը կը տեսնեմ մօտակայ եւ հեռաւոր գիւղերու մէջ:
Չենք ուզեր ըսել «կախարդական», բայց կը թուի, որ բերքաբերցիներու միրգն անսովոր կերպով կ’աճի ու կը հասնի: Ատոնք անսահման ջերմութիւն կը պարունակեն` արեւային եւ մարդկային:
Խուտավերտեանները կը ցանկան աւելցնել միայն մէկ փոքր կանոն․ իրենց արքայանարինջին համար որոշած են ստանալ օրկանական վկայական: Անոնք քիմիական պարարտանիւթեր չեն օգտագործեր, հողին մէջ գոմաղբ կը լեցնեն: Ժանտասպաններ նոյնպէս չեն օգտագործեր․ անոնք գիտեն իրենց ծառերու լեզուն:
«Արքայանարինջի առաւելութիւնն այն է, որ տապաղանիւթեր ունի: Եւ ծառն ինքն իրեն կը բուժէ: Կրնան սնկային հիւանդութիւններ ըլլալ, բայց ատոնց դէմ ալ օրկանական միջոցներով կը պայքարինք», - աւելցուց ան:
Համտեսել ցանկացողները երթալով կը շատնան: Եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ արտասահմանի մէջ: Վերջերս Արան Լոնտոնի մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսի: Այստեղ ան ժամանակ չէ կորսնցուցած: Մենք կը խօսինք գործարարութեան մասին, բայց ոչ միայն: Չէ որ Արան գիւղի տղամարդոց կէսին նման «Արսենալի» երկրպագու է: Ան անոնց անունով երկրպագած է զինագործներուն «Ռենի» դէմ խաղին:
Հենրիխ Մխիթարեան այդ ժամանակ խաղին դաշտ դուրս չէր եկած, վնասուածք ունէր: Անկէ լաւ նորութիւն կը սպասենք, իսկ Արա Խուտավերտեան արդէն ունի հիանալի նորութիւն` կը պատրաստուի ամուսնանալ:
Խուտավերտեաններու տնտեսութիւնն օրկանական նիւթերու անցնելու գործին մէջ աջակցութիւն ստացած է Գիւղատնտեսութեան աջակցութեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որ կը ֆինանսաւորէ Եւրոմիութիւնը եւ կ’իրականացնէ Զարգացման աւստրական գործակալութիւնը: