Կլատիս Պերեճիքլեան՝ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Առաջին Կին Վարչապետը

«Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ’ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը». Կլատիս Պերեճիքլեան։
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 25 մարտի-Sputnik.  Աւստրալահայ  Կլատիս Պերեճիքլեան, Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկաւ,  դառնալով առաջին կին գործիչը՝ ընտրուած նահանգի վարչապետի պաշտօնին:

Ընտրութիւններուն յաղթանակի լուրը իմանալէն ետք Պերեճիքլեան փորձեց զսպել արցունքները` յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ:Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ’ապրինք:  Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ’ապրիս    ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը»:

Ինչ իմ աչքով չտեսայ, ձեր աչքերով կը տեսնեմ. Սօս Սարգսեանի երազանքը կատարուեցաւ

Պերեճիքլեան մաս կը կազմէ ազատական կուսակցութեան, որուն  հիմնական մրցակիցն էր աշխատաւորական կուսակցութիւնը:

Ընդդիմութեան առաջնորդ, աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքլ Տելին շնորհաւորեց Կլատիս Պերեճիքլեանին:

Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեան 2017 թուականէն կը զբաղեցնէր Նոր Հարաւային Ուէյլզի վարչապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ Մայք Պայրդը հրաժարական  տուած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայն նոր առաջնորդի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը:

Պերեճիքլեան  ծնած է 1970-ին Սիտնի, հայ ծնողներու, Գրիգոր եւ Արշայի  երեք դուստրերու աւագն է:  Անոր մեծհայրն ու մեծմայրը  1915-ի  Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներէն եղած են:  Պերեճիքլեան միայն հայերէն  խօսած է, մինչեւ  հինգ տարեկան, երբ սկսած է անգլերէն սորվիլ: Ան մաս կազմած է  հայ-աւստրալական համայնքին, ծառայելով Աւստրալիոյ Հայկական ազգային կոմիտէին:  2015-ին մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյթին: