«Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ». Փաշինեան կրկին անդրադարձաւ անձնակազմի խնդրին

ՀՀ վարչապետը պարգեւավճարներն անհրաժեշտ են պետական համակարգէն ներս դրական արդիւնք ապահովելու համար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 19 մարտի — Sputnik. Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ: Այսօր հրաւիրուած ասուլիսին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պատասխանելով իր անձնակազմէն ունեցած դժգոհութեան մասին հարցին:

Ո՞վ է վերջապէս Հայաստանի առաջին տիկինը. Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանը

«Բայց երբ կ’ըսեն, որ մենք ձախողած ենք, պէտք է նաեւ ըսեն, թէ ուր ձախողած ենք: Մենք այս ընթացքին որեւէ ձախողում չենք ունեցած: Այսօր մեր պետական կառավարման համակարգին մէջ, ըստ էութեան, չկայ պաշտօնեայ, որուն կրնանք ըսել` դուն ձախողած ես: Այլ հարց է, երբ արագութեան ու դանդաղութեան հետ կապուած խնդիր կայ», –ըսաւ Փաշինեան:

Այդուհանդերձ, անոր խօսքով, կան որոշակի թերացումներ, ընդ որում, ատոնք կան բոլորի, ներառեալ իր գործողութիւններուն մէջ: Բայց ամէն բացթողումէ ետք պաշտօնանկութիւն ընելը Փաշինեանը ճիշդ չի համարեր:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ ստեղծել թեկնածուներուն համար

Վարչապետը նաեւ վստահեցուց, որ ինք որեւէ կաշկանդուածութիւն չունի իր անձնակազմը քննադատելու ու անոնց պաշտօնանկ ընելու հարցով, բայց կը գերադասէ առողջ քննադատութիւնը, որ կրնայ նաեւ դաս ըլլալ տուեալ պաշտօնեային համար:

Որպէս օրինակ Փաշինեան յիշեց ՊԵԿ–ի հետ կապուած հանրային դժգոհութեան դրուագը` նշելով, որ հանրային ճնշումը կիրառուեցաւ որպէս այդ համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործիք:

Ան անդրադարձաւ նաեւ պարգեւավճարային հարցին` ատոր համար հանրութեան շնորհակալութիւն յայտնելով, բայց եւ յայտարարելով, որ պարգեւավճարներն անհրաժեշտ են պետական համակարգին մէջ դրական արդիւնք ապահովելու համար: