ԵՐԵՒԱՆ, 13 մարտի — Sputnik. Առաջին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանող Վրաստանի 5–րդ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին Ծիծեռնակաբերդի մէջ գրառում կատարած է Յուշամատեանին մէջ:
«Սրտանց կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, տեղի ունեցած ողբերգութեան համար: Մենք մեր սրտին մօտ կ’ընդունինք այդ ցաւն ու յարգանքի տուրք կը մատուցենք զոհուածներուն»,գրած է Զուրապիշվիլին:
Ի դէպ, հարեւան Վրաստանն առ այսօր չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նշենք, որ ՀՀ նախագահի հրաւէրով երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած են փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին` ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ:Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած են Զուրապիշվիլիի հանդիպումները ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱԺ խօսնակ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Վրաստանի նախագահն իր տարածաշրջանային շրջագայութիւնը սկսած է Ատրպէյճանէն:
Վրաստանի նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին մէջ
Յիշեցնենք, որ Սալոմէ Զուրապիշվիլին Վրաստանի նախագահի բազմաթիւ թեկնածուներէն միակն էր, որ զանգուածային աջակցութիւն ստացաւ հայ համայնքին կողմէ:
Զուրապիշվիլիի մայրը եւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրը ծանօթներ եղած են պատանի հասակին: Սալոմէ Զուրապբիշվիլին պատմած է, թէ ինչպէս անոնք օր մը պարած են Փարիզի մէջ: