ԵՐԵՒԱՆ, 27 յունիսի — Sputnik. Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը կը բարձրանայ եւ կը կազմէ 68 000 դրամ: Այս մասին յայտարարուեցաւ ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին:
Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու փոխնախարար Գեմաֆին Գասպարեան առաջարկեց օրակարգին մէջ ներառել ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Բաբգէն Թունեանի ու Տիգրան Կարապետեանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, ըստ որուն` նուազագոյն աշխատավարձը ներկայիս 55 000 դրամէն պէտք է հասցնել 63 000 դրամի: Բայց փոխնախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը կ’առաջարկէ այն հասցնել 68 000 դրամի:
«Մինչ իրենց ներկայացուցած նախագիծը մենք շուրջ 3 ամիս առաջ մեր հասարակական հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկին պատուիրակած էինք հետազօտութիւն, որմով պէտք է գնահատուէր նուազագոյն աշխատավարձի սոցիալ տնտեսական օրինաչափ մեծութիւնը»,– ըսաւ Գասպարեան:
Հայաստանի իշխանութիւնը չի ներեր «Նայիրիտի» պարտքերը. գործարանի փրկութիւնը չի քննարկուիր
Անոր խօսքով` հետազօտութիւններու արդիւնքով որոշուած է նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանել ոչ թէ 63, այլ 68 հազար դրամ:
Գործադիրը հաւանութիւն տուաւ օրինագիծին, որ վերջնական ընդունման համար պիտի ներկայացուի ԱԺ: