Եւս 500.000 քաղաքացի պիտի կրնայ սրտի անվճար վիրահատութենէ օգտուիլ. ովքեր են անոնք

Медицинский центр Сурб Аствацамайр. Ребенок на обследовании
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնած է, թէ կառավարութեան տրամադրած յաւելեալ 12 մլր դրամը ուր պիտի ուղղուի:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 27 յունիսի — Sputnik. Սրտի վիրահատութիւններէն եւ նորագոյն թանկարժէք արհեստագիտութիւններով մատուցուող ծառայութիւններէն անվճար օգտուող քաղաքացիներու խումբը կ'ընդլայնուի: Այս մասին Facobook ընկերային կայքին վրայ ուղիղ եթերի ժամանակ ըսաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Счетная машинка
Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը կը բարձրանայ.կառավարութիւնն աւելի առատաձեռն գտնուեցաւ

Արդէն յայտնած էինք, որ այսօր ընդունած կառավարութեան որոշման համաձայն` առողջապահութեան ոլորտի ընթացիկ ծախսերն այս տարի կ’աւելնան յաւելեալ 12 մլր դրամով: Թորոսեան, ի դէպ, այս պահուն գործուղմամբ  Զուիցերիա կը գտնուի:

«Այսուհետ սրտի վիրահատութիւններէն եւ նորագոյն թանկարժէք արհեստագիտութիւններով մատուցուող ծառայութիւններէն օգտուող քաղաքացիներու խումբին մէջ պիտի ներառուին նաեւ առաջին եւ երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող անձիք: Այդ խումբին մէջ պիտի  ներառուին նաեւ ժամկէտային եւ մարտական գործողութիւններուն մասնակցած զինծառայողներու ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամները»,–ըսաւ Թորոսեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ սրտի վիրահատութիւններէն եւ նորագոյն թանկարժէք արհեստագիտութիւններով մատուցուող ծառայութիւններէն օգտուող քաղաքացիներու թիւը 230 000 էր, փաստացի այդ խումբին մէջ հիմա կ’ընդգրկուի եւս 500 000 քաղաքացի:

Кандидат в мэры Стамбула Экрем Имамоглу от оппозиционной Республиканской народной партии приветствует сторонников на митинге в районе Бейликдузу (23 июня 2019). Стамбул
Սթամպուլի նորընտիր քաղաքապետը հայ ճարտարապետի շնորհիւ իր ծննդավայրը նորովի բացայայտած է

Յիշեցնենք, որ առողջապահութեան փոխնախարար Անահիտ Աւանէսեան նշած էր, որ նախարարութիւնը կը փորձէ համահարթեցնել բուժհիմնարկներու մէջ բուժծառայութիւններու իրական գործող ու պետպատուէրի ծիրէն ներս տրամադրուող գումարները, որպէսզի «հիւանդը ստիպուած չըլլայ գրպանէն յաւելեալ գումարներ վճարել»:

Կառավարութեան այսօրուայ ընդունած որոշումը կը վերաբերի նաեւ մինչեւ 18 տարեկաններու հիւանդանոցային ծառայութիւններուն: Որոշման ընդունումէն յետոյ, Անահիտ Աւանէսեանի հաւաստմամբ, անոնց ծնողներէն այլեւս գումար չեն պահանջեր հիւանդանոցին մէջ: