«Նարեկն» արեւելահայերէն  թարգմանուած է. ծախսերը հոգացած է media magnet Արթուր Ջանիբեկեանը

Նարեկացիի գաղափարախօսութիւնը մտերմացուցած է Տէր Մեսրոպ քահանայ Արամեանն ու Արթուր Ջանիբեկեանը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 23 յունիսի – Sputnik. Տէր Մեսրոպ քահանայ Արամեանն արեւելահայերէն  թարգմանած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը, որուն շնորհանդէսը կայացաւ յունիս 22-ին  Հայաստանի ազգային պատկերասրահի որմնանկարներու սրահին մէջ:

Հայերու դերը Վալերի Կերկիեւի, որպէս երաժիշտ կայանալու հարցին մէջ

«Ես Նարեկացիի հետ առնչուած եմ դեռ դպրոցական տարիներէն, եւ իմ ամբողջ կեանքս վերափոխուած է այդ գիրքով: 30 տարի աշխատած եմ այս գիրքի թարգմանութեան վրայ, աւելի արագ ատիկա ընել հնարաւոր չէր, քանի որ գիրքը կը դնէ հէնց այն կարդացողի վերափոխման խնդիրը: Ես փորձած եմ փոխանցել այն, ինչ կ’ըսէ հեղինակը, առանց խաթարելու Նարեկացիի մտքի ընթացքը, գիրքի իմաստը: Յոյսով եմ` այս թարգմանութեամբ նոր փուլ կը դրուի Նարեկացիի ընկալման մէջ»,– ըսաւ ան:

Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքը գրուած է 1000 տարի առաջ, եւ, Արամեանի խօսքով, ոեւէ մէկը քրիստոնէական պատմութեան մէջ այդքան անկեղծ չէ նկարագրած մարդու յոյզերը:

«Նարեկն» արեւելահայերէն  թարգմանուած է. ծախսերը հոգացած է media magnet Արթուր Ջանիբեկեանը

«Ասիկա աղօթագիրք է, որ մարդկութեան ամենամեծ երկխօսութիւնն է Աստուծոյ հետ: Այս գիրքը անոնց համար է, որոնք կը փնտռեն կատարելութեան ճանապարհը, որոնք կը փորձեն իմաստաւորել իրենց կեանքը: Այս ստեղծագործութիւնը սեղանային ընթերցման գիրք չէ, քանի որ իր մէջ ունի ակնյայտ բարդութիւններ, որովհետեւ ոչ մէկ բարձրարժէք բան հեշտութեամբ չի տրուիր մարդուն, եւ ատոր հասնելու համար պէտք է գին վճարել»,– ըսաւ Արամեան:

Արտառոց գեղեցկութիւն. հայ նկարչուհին զարդարած է Քոնթարինի պալատը. լուսանկարներ

Անոր խօսքով` Նարեկացիի ապաշխարութեան մէջ որեւէ յուսահատեցնող բան չկայ, եւ այս գիրքը բազմանիստ հայելի է, որ մարդուն ցոյց   կու տայ ամէն կողմէն:

Քահանան մտահոգուած է, որ դարեր շարունակ «Մատեան ողբերգութեան» գիրքը չէ կարդացուած, այն դրած են բարձի տակ, վերածած մասունքի, հիմա ալ լաւ վաճառուող յուշանուէր  դարձած է:

«Նարեկացին կարդալու համար է: Ան մեր լեզուի թռիչքի համար հոգեւոր թեւեր  տուած է: Եթէ Նարեկացին դնենք նժարի մը վրայ, իսկ մնացածս` մէկ այլ նժարի, Նարեկացիի կշիռն աւելի ծանր կ’ըլլայ: Եթէ մենք ամուր հոգեւոր հիմքեր չունենանք, մեր ազգային կեանքին մէջ ինչ ալ կառուցենք պիտի փլուզուի: Եկած է այդ գիրքը բանալու եւ կարդալու ժամանակը»,- նշեց քահանան:

Գիրքի հրատարակչութեան ծախսերը հոգացած է ռուսաստանցի media magnet Արթուր Ջանիբեկեանը, որուն քահանայ Արամեան ներկայացուց որպէս  եղբայր:

«Նարեկն» արեւելահայերէն  թարգմանուած է. ծախսերը հոգացած է media magnet Արթուր Ջանիբեկեանը

Անոնց մտերմացուցած է հէնց Նարեկացիի գաղափարախօսութիւնը:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի արեւելահայերէն տարբերակի օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նարեկավանքին մէջ:

Շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը: Աղջիկներն իրենց կատարումներով հիացուցին ներկաները:

Ձեռնարկին հիւրերը հեռացան «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի արեւելահայերէն տարբերակը ձեռքերնուն: