Հայերու դերը Վալերի Կերկիեւի, որպէս երաժիշտ կայանալու հարցին մէջ

Աշխարհահռչակ խմբավար, Մարիինեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Վալերի Կերկիեւը հիւրընկալուած է Իւան Ուրկանտին եւ պատմած հայերու դերին մասին իր՝ երաժիշտ կայանալու հարցին մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 21 յունիսի — Sputnik. Մարիինեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Վալերի Կերկիեւը «Երեկոյեան Ուրկանտ» շոուի եթերով պատմած է, թէ ինչպէս մանուկ հասակին հայ հարեւանը ստիպած է Կերկիեւի մօրը տղան տանիլ երաժշտական դպրոց` ի յեճուկս ուսուցիչներու կանխատեսումներուն:

Սուրիահայ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատը Բաբելոնի վեց մեթրանոց քանդակ մը կը ստեղծէ

Խմբավարին խօսքով` մանուկ հասակին երաժշտական դպրոցը զինք չեն արձանագրած, որովհետեւ հարցազրոյցի ժամանակ ան չէ կրցած կրկնել լսած տակտը: Ընդ որում` պատանիի երաժշտական կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը պնդած են ոչ թէ Կերկիեւի ծնողները, այլ հայ հարեւանը:

«Այդ դէպքէն վերջ մայրս սրտնեղած էր, բայց ամէնէն շատ զայրացած էր հարեւանս: Ան մէկ ամիս շարունակ «կը ռմբակոծէր ծնողներուս... Հարեւանս հայ էր` Եուրի Արզումանի Արզումանեան: Ան շարունակ կը ստիպէր ծնողներուս ինչ–որ բան ընել. ու պատահական օր մը, հօրս հետ ճաշարանի մէջ ընթրելու ժամանակ, ան այդ մասին կ’ըսէ երգահան Լեւոն Սիմոնի Դաւիդովին, Դաւիդեանին. նոյնպէս հայ է», – պատմած է Կերկիեւ:

Այդ նոյն ճաշարանին մէջ հայրը կը բողոքէ անկէ, որ որդին չեն ընդունած երաժշտական դպրոց: Ատկէ յետոյ Լեւոն Դաւիդեան կ’որոշէ ինք ստուգել տղուն ընդունակութիւնները` հիւր երթալով Կերկիեւներուն:

«Ան զանգահարեց դպրոց տնօրէն Յակոբեանին», – ժպիտով կը պատմէ Կերկիեւ:

Վերմակի տակ երգող Սէյրանեանը. ինչպէս երեւանցի գիտնականը փող կը վաստակէր հեռախօսով

«Ատիկա կարծես աննշան բան է, բայց դուք արդէն մէկ անգամ չէ, որ ատիկա կը նշէք», – կատակած է Ուրկանտը:

«Ահա այդպէս ես յետագային 27 տարեկանիս դարձայ Հայաստանի նուագախումբի խմբավար», – նշած է Կերկիեւ:

«Ահա: Ես հէնց ատոր ալ կը տանէի», – բացականչած է Ուրկանտը:

«Բոլորը կը մտածեն, որ ես ամբողջովին կը պատկանիմ Մարիինեան թատրոնին, բայց չորս տարի եղած եմ Հայաստանի պետական նուագախումբի գլխաւոր խմբավարը: Ատիկա կեանքի ահռելի դաս էր ինծի համար: Ինչպէս ինծի ըսին այդ ժամանակ. «Եթէ դուն կը ղեկավարես հարիւր հայերու, ապա քեզի համար այլեւս որեւէ բան սարսափելի չէ»: Ատիկա ինծի շատոնց ըսած են», – կատակած է երգահանը:

Կերկիեւ նաեւ պատմած է ֆութպոլի նկատմամբ սիրոյ եւ բակային մանկութեան մասին: Ուրկանտ նշած է, որ Ռուսաստանի ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ստանիսլաւ Չերչեսովը Կերկիեւի համերկրացին է: Երգահանը նշած է, որ դէմ չէր ըլլար եթէ մէկ օրով փոխուէին տեղերով: