Հայաստանը ժողովրդագրական ճգնաժամի եզրի՞ն. որո՞նք են ՄԱԿ–ի կանխատեսումները

Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ ծնելիութիւնը խթանելու եւ ժողովրդագրական ճգնաժամը կանխելու համար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 18 յունիսի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան. ՄԱԿ–ի ժողովրդագրական կանխատեսումները միշտ չէ, որ կը համապատասխանեն իրականութեան բազմաթիւ պատճառներով: Ուստի չարժէ հիւանդագին ընդունել ատոնք` չնայած, որ Հայաստանի պարագային յառաջիկայ տարիներուն  կը կանխատեսուի ամուսնութիւններու եւ ծնելիութեան անկում:

Այդ մասին Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ ժողովրդագիր Արտակ Մարկոսեան:

Սուրիահայ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատը Բաբելոնի վեց մեթրանոց քանդակ մը կը ստեղծէ

ՄԱԿ–ի կանխատեսման համաձայն, Հայաստանի բնակչութիւնը մինչեւ 2100 պիտի կրճատուի եւ կազմէ 2 միլիոն: Միաժամանակ այդ ամէնը տեղի պիտի ունենայ թռիչքաձեւ. մինչեւ 2030 պիտի աւելնայ մինչեւ 2 միլիոն 967 հազար, իսկ 2100-ին պիտի կազմէ 2 միլիոն 39 հազար մարդ: Միաժամանակ, այդ միտումը կը վերաբերի նաեւ հարեւան Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին:

«ՄԱԿ–ը պարբերաբար նման հետազօտութիւններ կ’ընէ` իր մշակած սանդղակով: Սակայն ոչ բոլոր պարագաներուն ատոնք կը համապատասխանեն իրականութեան: Անոնք գնահատական կու տան` օգտագործելով գնահատման իրենց օրինակները, որոնց մէջ հաշուի չեն առած շատ մանրամասներ», – ըսաւ Մարկոսեան:

Մասնաւորապէս, հաշուի չառնուիր պետութեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը` այդ խնդիրը մեղմացնելու եւ նոյնիսկ բացարձակ լուծելու ուղղութեամբ: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդագրութեան հետ կապուած հարցն իսկապէս սուր դրուած է եւ ատիկա իր պատճառներն ունի:

Արտառոց գեղեցկութիւն. հայ նկարչուհին զարդարած է Քոնթարինի պալատը. լուսանկարներ

Հայաստանի բնակչութիւնը վերջին 27 տարիներուն մշտապէս կրճատուած է արտագաղթի հաշուին: Կրճատուած է նաեւ բնակչութեան բնական աճը. եթէ 1986–ին այն տարեկան կազմած է 60 հազար, ապա արդէն 2018–ին` 10800:

Բարեբախտաբար, իրավիճակը ծայրայեղ չէ, եւ երկրին մէջ դեռեւս ամայացում չկայ:

«Բնակչութեան թիւի կրճատման հիմնական պատճառը արտագաղթն է, որ սկսած է առարկայական եւ ենթակայական  պատճառներով 20–րդ դարու 90–ականներէն: Սակայն վերջին շրջանին ատոր հետ կապուած դրական ընթացք կը նկատուի, – ըսաւ Մարկոսեան:

Ան նշեց, որ միւս խնդիրը 90–ականներու սկիզբը Հայաստանի մէջ ծնելիութեան մակարդակի կտրուկ անկում էր 60 տոկոսով: Մարկոսեան նշեց, որ հիմա մինչեւ 1998–ը ծնած երեխաները մեծցած  եւ մտած են ընտանիք կազմելու փուլ: Հետեւաբար, յառաջիկայ տարիներուն ամուսնութիւններն աւելի քիչ պիտի ըլլան, եւ ծնելիութիւնը պիտի նուազի:

Վերմակի տակ երգող Սէյրանեանը. ինչպէս երեւանցի գիտնականը փող կը վաստակէր հեռախօսով

«Տուեալ  պահուն կառավարութիւնն իր առջեւ ծրագիրներ գործարկելու խնդիր  դրած է, որոնք կը մեղմացնեն այդ իրավիճակը եւ թոյլ չեն տար Հայաստանին յայտնուիլ ամայացման փուլին մէջ», –ըսաւ Մարկոսեան:

Իր հերթին ազգագրագէտ Սուետլանա Պօղոսեան յոռետեսօրէն կը վերաբերի թիւերուն: Ամէն  պարագայի իրավիճակը կրնայ փրկել կառավարութիւնը, որ պէտք է գործարկէ ծնելութեան խթանման յատուկ ծրագիրներ:

Անոր խօսքով, եթէ երկրին մէջ տնտեսական իրավիճակը չկայունանայ, ՄԱԿ կանխատեսումը  չարդարանար:

Յիշեցնենք, որ 2019–ի յունուար 1–ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը կազմած է 2 միլիոն 965 հազար 100 մարդ: Այդ ցուցանիշը 2018–ին կազմած է 2 միլիոն 972 700 մարդ: