Կեանքի կոչուած է Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը

Գրասենեակի գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ. 18 յունիսի-Sputnik. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը:

Գրասենեակի գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն, ճիշդ ուղղորդել անոնց խնդիրներու լուծման հարցին մէջ:

Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան

Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ  ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կացութեան, վարորդական  իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի գրանցման եւ այլ հարցերու մէջ:

Խնդիրներու լուծման համար գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններու ու կառոյցներու, պաշտօնատար անձանց:

Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակի հասցէն է` Հանրապետութեան 30,

«Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, 1-ին յարկ, 16-րդ սենեակ:

Դիմատետրի էջ` Հայրենադարձ/ Repat

Հեռախօսահամար` 094-94-519-119

Ել. հասցէ` hayrenatarts@gmail.com

Գրասենեակը կ՛աշխատի ամէն օր` Երեւանի ժամանակով 11:00-15:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն: