Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Ամառը Երեւանի մէջ կը բացուի «Աղի լիճի» եղանակը. տասնեակ քաղաքացիներ եւ զբօսաշրջիկներ կու գան լողալու, արեւայրուք ընդունելու եւ նոյնիսկ բուժուելու: Sputnik Արմենիայի թղթակիցները երեկոն անցուցած են անոնց հետ, որոնք կը նախընտրեն ամառուան շոգ երեկոներն անցնել ջրաւազանին մօտ:
Sputnik

Ժաննա Պողոսյան, Sputnik Արմենիա

Յայտնի բան է` հայերը կը սիրեն քիչ մը ճոխացնել իրականութիւնը: Այսինքն զարմանալի չէ, որ շատերը Սեւանայ լիճը ծով կ’անուանեն, իսկ Երեւանի մէջ գտնուող աղի ջրաւազանը` լիճ:

Ինչպէս ռուսը յայտնուեցաւ Ամերիկայի մէջ եւ հասկցաւ, թէ ինչու հայերէնը պէտք է իրեն

Ամէն պարագայի միայն անով կարելի է բացատրել փոքրիկ ջրաւազանի յաւակնոտ անուանումը, որ որպէս «Աղի լիճ» յայտնի է երեւանցիներուն:

Ջրային տարածքը կը գտնուի Երեւանի ծայրամասին մէջ` աղմկոտ ճանապարհներէն հեռու, բայց աղմուկի պակաս այստեղ չկայ. ամառուան օրերուն գրեթէ անհնար է ամայի եւ խաղաղ տեսնել լճակը. ամէն երեկոյ կը հաւաքուին տասնեակ երեւանցիներն ու զբօսաշրջիկները: Իսկ ինչու՞:

Առաջին հերթին` ջրաւազանը վերածուած է իւրայատուկ անվճար զուարճանքի: Տեղացիները կը պատմեն, որ  քանի մը տարի առաջ նախկին պատգամաւոր Մհեր Սեդրակեանը, որուն տունը կը գտնուի լիճին մօտ, փորձած է մասնաւորեցնել լողափը, բայց անոր ծրագիրը ձախողուած է: Լիճի տարածքը դեռ հասանելի է բոլորին:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Երկրորդ` անուանումէն կարելի է գուշակել, որ ջրամբարին մէջ ահռելի քանակութեամբ աղ կայ: Լիճը գոյացած է անցած դարու 70–ականներու վերջերը մօտակայքը գտնուող գաճաքարի գործարանի աշխատանքներու հետեւանքով: Յարակից տարածքին մէջ բնակող երեխաները հէնց այդ աւազանին մէջ  լողալ սորված են:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

«Մենք մօտ 10 տարիէ ընկերներով կու գանք այստեղ: Արհեստավարժ լողորդներ ենք: Աղի ջուրին մէջ լողալ սորվիլն աւելի հեշտ է, յատկապէս եթէ քիթիդ տակ է», – ծիծաղելով կը պատմէ Էրեբունի թաղամասի բնակիչ Արմէնը:

«Յետոյ էլ ինչու՞ ժամանակ եւ փող ծախսել Սեւ ծով հասնելու համար, եթէ կողքդ սեփականը կայ»,– Արմէնի հետ կը համաձայնի անոր ընկերը:

Տղաները կէս ժամ կը լողան, յետոյ դուրս կու գան «ափ»` խմելու եւ արեւայրուք ընդունելու: Կը խմեն ահռելի քարերէ սարքուած «սեղանի» մը մօտ: Չեն գիտեր, թէ ատիկա որուն ձեռքի գործն է, բայց ամէն ամառ կ’օգտուին ատկէ: Ինչ–որ հոգատար մարդ նոյնիսկ աւել ու գոգաթիակ  ձգած է  սեղանին տակ:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Ի դէպ, տարածքը ոչ միշտ  մաքուր ու խնամուած  եղած է. ԽՍՀՄ– փլուզումէն յետոյ սեփականատէր չէ եղած, եւ ոչ ոք  հետեւած է լիճին:

«Երեք տարի առաջ այստեղ այնքան աղբ կար, որ գարշահոտը կը հասնէր մինչեւ մեր տուն, փառք Աստուծոյ, աղբը հաւաքեցին, երեւի հասկցան, որ չի կարելի կեղտոտել այնտեղ, ուր կ’ուտես», – կը պատմէ տեղաբնակ տիկին Նորան:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Տիկին Նորան 63 տարեկան է: Կ’ըսէ` աւազանն օգնած է պայքարիլ յօդացաւի դէմ: Աղի ջուրը կ’օգնէ անոր ազատիլ ոտքերու ցաւէն: Սովորաբար մինակ կու գայ «բուժուելու», երբեմն կը միանան նաեւ հարեւանուհիները:

«Անոնց համար աւելի հեշտ է նստիլ չորս պատին մէջ, սուրճ խմել եւ բողոքել ցաւերէն», –  քիչ մը նեղուած կ’ըսէ ան:

Աւազանին մօտ կը գտնուի նաեւ հայերու չափազանցութեան միւս «զոհը»` «աղի ջրվէժը», որ իրականութեան մէջ խողովակէն ցայտող ջուրի շիթ է:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Տղամարդ մը ջուր կը հաւաքէ 5–լիթրանոց շիշերու մէջ: Ռուսաստանէն եկած զբօսաշրջիկ է: Ջուրը խմելու համար չի հաւաքեր, որովհետեւ կէս հայեացքն ալ բաւական է` հասկնալու համար, որ խմել պէտք չէ: Պարզապէս կը պատրաստուի տաքացնել արեւի տակ` դնելով ինքնաշարժին վրայ:

«Երբ տաքնայ, կարելի է ցայուիլ», – կը  բացատրէ ան:

Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

Մէկ խօսքով, նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ ջրաւազաններու պակասը, զարմանալի չէ, որ հայերը, ինչպէս կրնան, կը փայփայեն իրենց «մեռեալ ծովը»: Նոյնիսկ երեկոյեան աշխատանքային օրերուն այստեղ մարդաշատ է: Ինչ–որ մէկը լողալ կը սորվի, միւսը կը բուժուի, երրորդն ալ պարզապէս կը վայելէ կեանքը: