Չաուշի գերեզման, Մուշ, Անի, Կարս. Համահայկական խաղերու ջահը կը շրջի հինաւուրց քաղաքներով

Առաջարկ եղաւ Երեւան,Վան, Գիւմրի, Կարս քաղաքները դարձնել համահայկական յաջորդ խաղերու իրականացման կեդրոններ ու աշխատանք կատարել այդ ուղղութեամբ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 14 յունիսի — Sputnik. Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնն Արեւմտեան Հայաստանի այցի ընթացքին այցելած է նաեւ Մուշ եւ Անի քաղաքներ:

Մուշի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամներն այցելած են հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս, ֆիտայի Գէորգ Չաուշի գերեզման, Մուսա լերան վառուած համահայկական ամառնային 7–րդ խաղերու ջահը հասցուցած են հայ ֆիտայապետին, ստացած անոր օրհնութիւնը ու ծաղիկներ խոնարհած անոր  շիրիմին:

Չաուշի գերեզման, Մուշ, Անի, Կարս. Համահայկական խաղերու ջահը կը շրջի հինաւուրց քաղաքներով

Պատուիրակութիւնը ընդունած է Մուշի քաղաքապետ Ֆէյաթ Ասեան:

«Շատ ուրախ ենք ձեր այցի համար, մեր աչքին վրայ տեղ ունիք: Չնայած այսօր մեզի համար տօն է, բայց ձեզ հետ հանդիպելն աւելի կարեւոր է, եւ ես չէի կրնար այդ առիթը փախցնել»,- ըսած է ան:

Պատմական չուերթ Երեւանէն Վան. Հայաստանի 1–ին եւ վերջին մայրաքաղաքները 35 վայրկեան կը բաժնէ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նշած է, որ Մուշը մեզի համար շատ հարազատ քաղաք է: Ան Մուշի քաղաքապետին  յանձնած է Երեւանի մէջ համահայկական խաղերու ձեռնարկներուն մասնակցելու պաշտօնական հրաւէրը եւ հայ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած խորհրդանշական նուէրը:

Մշոյ դաշտէն Կարս գացող ճանապարհին պատուիրակութեան անդամները Սուլուխի կամուրջէն վարդեր նետած են Արածանի գետ` յարգանքի տուրք մատուցելով Գէորգ Չաուշի եւ անոր զինակիցներու յիշատակին:

Անին` Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքը, գրկաբաց  եւ սիրով  ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը:

Հայոց Բագրատունիներու հինաւուրց մայրաքաղաքն` իր հզօր պարիսպներով, փառաւոր անցեալով, նոր շունչ ու հոգի տուաւ պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք  մեր հպարտութեան  եւ յաղթանակներու մայրաքաղաք Ստեփանակերտ պէտք է հասցնեն համահայկական խաղերու ջահը:

Չաուշի գերեզման, Մուշ, Անի, Կարս. Համահայկական խաղերու ջահը կը շրջի հինաւուրց քաղաքներով

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի փոխնախագահ Ալպէր Պոյաճեանի խօսքով`նաեւ մարզանքի  միջոցով կը համախմբուին Սփիւռքը, Հայաստանը եւ Արցախը:

Հայկական հինաւուրց Կարսի ամրոցէն ներքեւ հին հայկական թաղամաս կայ, որմէ աննկարագրելի հայկականութիւն կը յորդի:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնն ընդունեցին Կարսի քաղաքապետները:

Չաուշի գերեզման, Մուշ, Անի, Կարս. Համահայկական խաղերու ջահը կը շրջի հինաւուրց քաղաքներով

Իշխան Զաքարեան առաջարկեց Երեւան, Վան, Գիւմրի, Կարս քաղաքները դարձնել համահայկական յաջորդ խաղերու իրականացման կեդրոններ ու աշխատանք կատարել այդ ուղղութեամբ: Քաղաքապետները ողջունեցին առաջարկը` պատրաստ ըլլալով քննարկել մանրամասներն արդէն Երեւանի մէջ: Կողմերն անդրադարձան նաեւ մշակութային կապերուն:

Համահայկական եօթերորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան  օգոստոս 5-17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: