ԵՐԵՒԱՆ, 13 յունիսի — Sputnik. Պատասխանատուները ամօթ չունին, բայց ես ամչցայ այս երկրի փոխարէն: Այսպէս գրած է Twitter–ի իր էջին վրայ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան` անդրադառնալով Սթանպուլի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայաստանցի կնոջ դանակահարման դէպքին:
«Սամաթիա թաղամասին մէջ մայիս 31–ին հայ կինը ատելութեան հողի վրայ յարձակման ենթարկուած է: Կասկածեալները դեռ չեն ձերբակալուած: Երէկ իմ այցելութեանս ժամանակ, անոնց ընտանիքն ըսաւ, որ որոշած են լքել երկիրը: Չկրցայ ըսել` մի երթաք: Պատասխանատուները ամօթ չունին, բայց ես ամչցայ այս երկրի փոխարէն»,– Twitter–ի իր էջին վրայ գրած է Փայլան:
Յիշեցնենք, որ մայիս 31–ին Սթանպուլի Սամաթիա թաղամասին մէջ դիմակաւորուած անձիք դանակահարած են Հայաստանէն Սթանպուլ տեղափոխուած Արփինէին: Հարեւաններու ահազանգով Արփինէն հիւանդանոց տեղափոխած են եւ օգնութիւն ցուցաբերած:
Յանցագործները հեռանալէ առաջ ըսած են, թէ ասիկա դեռ սկիզբն է: