Կիլիկիոյ հայկական Օշինի դղեակը վերականգման կարիք ունի

Թուրքիոյ քաղաքացիները կը պահանջեն վերականգնել Կիլիկիոյ հայկական Օշինի դղեակը` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 11 յունիսի-Sputnik. Ներկայ Թուրքիոյ Մերսին նահանգի Չամլըեայլա գաւառին մէջ աւերակ վիճակի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ հայկական Օշինի դղեակը (թրքական անուանումը` Սինապի ամրոց) վերականգման կարիքը ունի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «milliyet.com.tr» լրատուական գործակալութիւնը:

Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ

Աղբիւրին փոխանցմամբ` սոյն հայկական միջնադարեան դղեակը 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն հայերու կողմէ գործածուած է պաշտպանական նպատակներով, սակայն այժմ աւերուած վիճակի մէջ է: Տեղի բնակիչները կ’անհանգստանան, թէ դղեակը շուտով ամբողջութեամբ կրնայ փլիլ:

Թուրքիոյ քաղաքացիները կը պահանջեն վերականգնել զայն` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով: Այսպէս, Անգարայէն Ատանա այցելած Իզզեթ Քեօքեն նշած է. «Ամրոցը ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուի: Երեխաներս ցանկացան տեսնել զայն, բերի, բայց լրիւ քանդուած է: Կը վախնամ ներս մտնելէ: Կ’անհանգստանամ, թէ երեխաներուս վրայ քար կ’իյնայ»:

Ընտանեօք հանդերձ ամրոցը տեսնելու եկած Սիւլէյման Քարապելեն պահանջած է, որ վերանորոգման աշխատանքները հնարաւորինս շուտ սկսին: