Օսկար Պենկեր. Ամերիկեան գիւտարարի երազանքներն ու պատերազմները. ներգաղթեալի մը առասպելը

Ին՞չ ընդհանուր բան ունին անասեղ, օդամուղ ներարկիչները, գունաւոր տպիչը, իւղի «շուպը», ինքնաշարժի արագութեան ինքնազօր փոխանցումատուփը, որուն յաճախ օտար լեզուով գործածելով «աւտոմատ կառոբկա» կ’ըսենք: Ընդհանուրն, այս պարագային, գիւտարարն է` Օսկար Պենկերը: Բայց անոր իրական անուն-ազգանունը Ասատուր Սարաֆեան է:
Sputnik

Իսկապէս ալ, ժամանակակից քաղաքակրթութեան անցուդարձին մէջ  այնպիսի սարքեր ու յարմարանքներ, ինչպէս ըսենք, մեքենաներու արագութեան ինքնազօր փոխանցումներու տուփը կամ ենթադրենք, գունաւոր տպիչը, սովորական ու անգամ առօրէական  դարձած են, բայց կարեւոր են: Ինչ-որ  ժամանակ մը, ինչ-որ մէկը, ի հարկէ, կը ստեղծէր ատոնք` տեխնիկայի յառաջընթացին համահունչ: Բայց պատմութեան հաճոյ էր, որ ոչ թէ ինչ-որ մէկը ստեղծած է, այլ հէնց Ասատուր Սարաֆեանը:

Իսկ ծնած է հայազգի ամերիկացի գիւտարարը հայութեան համար ճակատագրական ու դժնի 1895-ին: Անոր  վերաբերեալ կենսագրական տուեալներուն մէջ  չի յստակեցուիր, թէ հաստատ ո՞ւր ծնած է. Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, թէ՞, ըսենք, Պոլիս: Պարզապէս կը նշուի` Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Յայտնի է միայն, որ փոքրիկ Ասատուրը հրաշքով  ողջ մնացած է, փրկուելով թէ համիտեան ջարդերէն, թէ հիւանդութենէ: Սարաֆեաններու ընտանիքը, ջարդերէն կարճ ժամանակ անց, կը գաղթէ ԱՄՆ, այլ տուեալներու համաձայն, ոչ թէ ընտանիքը, այլ միայն դեռահաս Ասատուրը կը յաջողի փախչիլ հայակուլ Օսմանեան կայսրութենէն:

Այս թէ այլ կերպ, փաստն այն է, որ Ասատուր Սարաֆեան 1920-ականներուն Շիքակոյի մէջ կը յայտնուի եւ աշխատանքի կ’անցնի գործիքներու խանութի մէջ: 

Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

Պրպտուն միտք ունեցող երիտասարդը,  որոշ ժամանակ անց, սղոց սրող գործիք կը յօրինէ: Յետոյ, դարձեալ  ինչ-որ բան: Ու ատիկա այն շրջադարձային կէտն էր, որմէ կը սկսուի ամերիկացի գիւտարար Օսկար Պենկերի ստեղծագործական ու պայքարով լի ուղին:

Այո, Շիքակոյի մէջ Ասատուր Սարաֆեան կ’որոշէ նոր անուն-ազգանուն վերցնել եւ, առանձնապէս գիւտարարութիւն չդրսեւորելով այդ հարցին մէջ, այդուհետ  կը գրուի որպէս Օսկար Պենկեր: Այնպէս, որ չես ալ կռահեր, թէ ով  թաքնուած է այդ անուան-ազգանուան տակ: Չնայած, հազիւ թէ ան թաքնուելու խնդիր  ունեցած է:

Միացեալ Նահանգները մեքենա-ինքնազօր մեքենականութիւններու  երկիր է, ի հարկէ, իսկ 1930-ականներուն` առհասարակ մեքենաշինական պում էր: Եւ ահա, 1931-ին Ասատուր Սարաֆեան արտօնագրութիւն կը ստանայ ինքնաշարժի արագութեան ինքնազօր փոխանցումներու տուփը: Յօրինելը` կը յօրինէ, բայց արտադրողները չեն շտապեր ներդնել զայն: Հէնց զուտ այն փաստը, որ Սարաֆեանի գիւտը սկսած է լայնօրէն կիրառուիլ արտօնագրուելէ գրեթէ 9 տարի անց, արդէն պէտք է որ շատ բան յուշէ, թէ որքան ոլորուն ու հարթ չէ եղած սեփական իրաւացիութիւնը հաստատելու եւ ճանաչման հասնելու ուղին։

Բայց յետագային,  արդէն աւելի դիւրին էր, յատկապէս այն հարցէն յետոյ, երբ Սարաֆեան որոշակիօրէն նպաստեց Սիկորսկի ուղղաթիռներու շարժիչի բարելաւման, աւելի հաստատ` շարժիչի փոխանցման տուփի ստեղծման:

Այս հայուն մասին ամբողջ Սիպիրը գիտէ. ինչպէս վագրը սկսաւ մայր համարել բժիշկ Դալլաքեանը

Թուարկման կամ յիշատակման կարգով արժէ աւելցնել, որ Օսկար Պենկերը կամ Ասատուր Սարաֆեանը նաեւ ինքնաշարժի  քարիւղի փոմփի, իւղի չափիչի, օդամուղ անասեղ ներարկիչի (յատկապէս զանգուածային պատուաստումներու ժամանակ անփոխարինելի կարեւորութեան յարմարանք է), գունաւոր տպիչի գիւտարարն է:

Իրեն ապաստան տուած երկրին ու նաեւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան այդքան նոր սարքեր նուիրած գիւտարարը մահացած է 1979 թուականին Քլիւլենտի մէջ

Իսկ անոր մահէն  քանի մը տարի անց լոյս  տեսած է  անոր յուշերու գիրքը` «Ամերիկեան գիւտարարի երազանքներն ու պատերազմները.  ներգաղթեալի մը ռոմանս» վերնագիրով:

Այնպէս որ, երբ բացարձակ օտարահունչ անուն-ազգանունով մարդու մասին կ’ըսեն, թէ ան հայ է կամ հայկական արմատներ ունի, միշտ չէ, որ ատիկա անօգուտ սնապարծութենէ կու գայ, կան որոշ  դէմքեր, որոնց պարագային ատիկա փաստ է: