Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

«Արաբկիր» բժշկական համալիրին մէջ լուսնոտութեամբ տառապող երեխաներու թիւը քանի մը հազարի կը հասնի, որոնցմէ շատերը հաստատ գիտեն, որ պիտի բուժուին: «Կեանքի ճանապարհ» ՀԿ–ն որոշած էր այդ երեխաներուն համար օր մը տօն դարձնել: Sputnik Արմենիան զրուցած է անոնց հետ ու պարզած փոքրիկ Հայկի գաղտնիքը:
Sputnik

Կարինէ Յարութիւնեան, Sputnik

9 տարեկան Կարինէ Շիրակեանի հետ ծանօթանալուս կ’ըսեմ, որ իմ անունս ալ  Կարինէ է, ու վերջ, աղջնակը ջերմ կը ժպտի. արդէն ընկերներ ենք: Կարինէն կ’ըսէ, որ որոշած է մարզանքի ուսուցիչ դառնալ ու երեխաներուն խաղեր սորվեցնել, որպէսզի անոնք չձանձրանան: Իր որոշման մասին կը յայտնէ ու մեղաւոր հայեացքով կը նայի ինծի` հօ չե՞մ նեղանար, որ ինծի պէս լրագրողի մասնագիտութիւն պիտի չընտրէ:

Կարինէին հետ կը ծանօթանամ «Արաբկիր» ԲԿ–ի բակին մէջ, ուր «Կեանքի ճանապարհ» բարեգործական ՀԿ–ն այսօր Երեխաներու պաշտպանութեան օրուան` յունիս 1–ին ընդառաջ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ  երեխաներուն համար (եւ ոչ միայն) ձեռնարկ  կազմակերպած էր` պղպջակներ, փուչիկներ, ծաղրածուներ: Մէկ խօսքով, երեխաներու ժպիտն ապահովուած էր:

«Երեխաները պէտք չէ շատ խելօք ըլլան: Պէտք է  քիչ մը խելօք,  քիչ մըն ալ չարաճճի ըլլան: Ես, օրինակ, վերջերս զարկած եմ փոքր եղբօրս, բայց ուժեղ չէ, թեթեւ մը, սուտէն, էլի: Ինք խելօք չէր մնար, ես ալ թաթիկին զարկի»,–իր չարաճճիութիւնը կը յիշէ Կարինէն ու կ’աւելցնէ, թէ գիտէ` լաւ բան չէ «զարնելը» ու եղբօրն ալ շատ կը սիրէ, բայց անոր հետ չի կրնար ալ չկռուիլ:

3 տարի առաջ Կարինէի մօտ լուսնոտութիւն ախտորոշուած է: Երեխան նախ տարած են Մոսկուա, իսկ որոշ ժամանակ անց տեղափոխած Հայաստան` «Արաբկիր» ԲԿ–ի մէջ  բուժումը շարունակելու: Աղջիկն այժմ  լաւ կը զգայ ու չնայած դեռ կը շարունակէ բուժումը, բայց, բարեբախտաբար, հիւանդութիւնն իր հետքը գրեթէ չէ ձգած: Երկար ու գեղեցիկ մազերով Կարինէն կը նայի իմ կարճ մազերուս ու կ’ըսէ, որ կ’ուզէ իր մազերն ալ կարճ կտրեն, որ սանրելուն չցաւի: Աղջիկը կ’ըսէ`  քիչ մը մեծնայ, պիտի մտածէ, թէ ինչպէս պէտք է հնարէ սանր, որ չի ցաւցնէ երեխաներու մազերը:

Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

«Կեանքի ճանապարհ» բարեգործական ՀԿ–ի նախագահ Ելէնա Բաղդասարեան Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին նշեց, որ «Արաբկիր» ԲԿ–ի բակին մէջ ձեռնարկ կազմակերպելը երեխաներուն ժպիտ պարգեւելու համար է: ՀԿ–ն, ի դէպ, կ’օժանդակէ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ երեխաներու բուժումը, վիրահատութեան հարցերով: Կազմակերպութեան նախագահն ինքն ալ այդ խնդրին բախուած է:

Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

«Իմ բալիկս փոքր տարիքին լուսնոտութեամբ կը տառապէր: Բուժումը 4 տարի  տեւած է, եւ ես անցած եմ այդ կեանքի ճանապարհը: Ես հէնց այդպէս ալ` «Կեանքի ճանապարհ»  կոչած եմ մեր հիմնադրամը, քանի որ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ երեխայ ունենալով` կեանքդ կը դառնայ հիւանդութեան դէմ պայքարելու ճանապարհ: Ես իմ փորձովս կ’ուզեմ ցոյց տալ, որ լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ, դատավճիռ չէ, այլ դժուարութիւն, որ պէտք է յաղթահարել»,–կ’ըսէ ան, կը  մօտենայ պղպջակներուն հետ ուրախ–զուարթ խաղցող երեխաներուն ու կը ժպտի. ձեռնարկը ծառայած է իր նպատակին:

«Արաբկիր» բժշկական համալիրի ջղախտութեան բաժանմունքի վարիչ Բիայնա Սուխուդեանն ալ կը յայտնէ, որ իրենց մօտ լուսնոտութեամբ տառապող աւելի քան 3500 գրանցուած հիւանդ երեխայ կայ: Լուսնոտութիւնը կ’ըլլայ տարբեր տեսակի` կան բարորակ եւ չարորակ տեսակներ: Բարորակները չեն արտայայտուիր վարքագծային, մտաւոր խնդիրներով. ատոնց ժամանակ ցնցումները կառավարելի են, եւ երեխաները կ’ընդունին միայն մէկ դեղ: Իսկ չարորակները կ’արտայայտուին մտաւոր յետամնացութեամբ, թշնամութեամբ:

Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

«Բարեբախտաբար, մանկական լուսնոտութեան մեծ մասը բարորակ կ’ըլլայ, որ ժամանակի ընթացքին կը բուժուի: Ինչ կը վերաբերի բուժման, ապա որոշակի դեղեր պետութիւնը կը տրամադրէ, մնացածը ծնողները  ձեռք կը բերեն: Լուսնոտութեան բուժումը երկարատեւ ու թանկ գործընթացք է»,–կ’ըսէ Սուխուդեան:

Ու մինչ բժիշկի սենեակին մէջ կը զրուցենք, երեխաները բակին մէջ կը սկսին գունաւոր ժապաւէններով խաղալ, ատոնք իրար վրայ նետել: 9 տարեկան Հայկ Ղազարեանը ժապաւէններու  մեծ խուրձ մը կը վերցնէ ու աղջիկներէն մէկուն գլխուն շաղ կու տայ: Աղջիկը կը բղաւէ, Հայկը վախցած ետ կը քաշուի ու կը հարցնէ` ցաւեցա՞ւ: Չէ, չի ցաւեցաւ, աղջնակը կը ժպտի, ուրախութեան բղաւոցներ էին:

Հայկը ինծի հետ զրոյցին կ’ըսէ, որ երբեմն–երբեմն  կու գայ «Արաբկիր» ԲԿ (տղան լուսնոտութեամբ կը տառապի) ու որպէս գաղտնիք ականջիս կը փսփսայ` բժիշկներէն քիչ մը կը  վախնայ, բայց միայն անոնցմէ, որոնք ներարկիչ ունին:

Հայկն ու Կարինէն կը պատմեն իրենց գաղտնիքները. լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ

«Ինծի դեռ չեն սրսկած, բայց եթէ սրսկեն, գուցէ չդիմանամ ու լամ: Ես այդքան ալ վախկոտ չեմ, միայն սրսկուելէն կը  վախնամ: Կը հաւատաս, չէ»,–կ’ըսէ ու թերահաւատօրէն ինծի կը նայի` գուցէ պէ՞տք չէ լալու պահն ըսէր: Երբ կ’ըսեմ, որ սրսկուելէն ես ալ քիչ մը կը վախնամ, Հայկը թեթեւցած շունչ կը քաշէ:

9–ամեայ Հայկը կ’ըսէ, որ գիտէ` յունիս 1–ը Երեխաներու պաշտպանութեան օրն է ու այդ օրը ծնողներն իրենց պէտք է պաղպաղակ ու փուչիկներ գնեն: Հայկը երկար կը մտածէ ու կ’ըսէ, որ երեխաներուն պէտք է պաշտպանել գայլէն, առիւծէն ու... մամաներէն: Բայց ոչ այնպիսի մամաներէ, ինչպիսին իր մայրն է, այլ անոնցմէ, որոնք կը հարուածեն երեխային:

Հայկը կը զննէ ձեռքիս մատանին, ամչնալով կ’ըսէ` սիրուն է, ու կը վազէ–կը միանայ խաղցող երեխաներուն: