ԵՐԵՒԱՆ, 23 մայիսի-Sputnik. Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր Ճանան Քաֆթանճըօղլուի վերաբերեալ քանի մը յօդուածներու հիման վրայ մեղադրական եզրակացութիւն կազմուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «yurtgazetesi.com.tr» կայքը: Ընդդիմադիր գործիչը կը մեղադրուի «հանրապետութեան նախագահին վիրաւորելու», «պետական աշխատողին գրաւած պաշտօնին պատճառով վիրաւորելու», «Թուրքիոյ Հանրապետութեան ուղղուած հրապարակային վիրաւորանքներ հնչեցնելու», «հանրութեան հրապարակաւ ատելութեան ու թշնամանքի կոչ ընելու», «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն կատարելու» մէջ:
Սթամպուլի գխաւոր հանրապետական դատախազութեան կողմէ 2018 յունուար 18-ին սկսած հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած մեղադրական եզրակացութեամբ Քաֆթանճըօղլուի համար 2 տարի 9 ամիսէն մինչեւ 11 տարի ազատազրկման պահանջ ներկայացուած է:
Առաջադրուած մեղադրանքներուն համար հիմք ծառայած են 2012-2017 ընկերային ցանցերուն մէջ Քաֆթանճըօղլուի կատարած հրապարակումները: Ուշագրաւ է, որ ընդդիմադիր գործիչի թուիթերեան էջին վրայ կատարուած եւ մեղադրանքներու հիմնաւորում դարձած հրապարակումներուն մէջ եղած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրառում մը: Սակայն ցուցմունքներու ժամանակ Քաֆթանճըօղլուն յայտարարած է, որ Ցեղասպանութեան թեմայով հրապարակումը իրեն չի պատկանիր, միեւնոյն ժամանակ ընդունած է, որ մեղադրանքներու համար հիմք ծառայած միւս բոլոր հրապարակումներու հեղինակն ինքն է:
Նշենք, որ 2013-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին օրը` ապրիլ 24-ին, Ճանան Քաֆթանճըօղլուն Twitter-ի վրայ հետեւեալ գրառումն ըրած էր․ «Ապրիլ 23-ի յաջորդ օրն ի՞նչ օր էր: Անոնց համար, որոնք չեն ցանկար գիտնալ, փոքրիկ յուշում մը. 1915 թուականն է: