Լաուրա Սարգսյան, Sputnik Արմենիա
Ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուր ծնած է Փարիզ հայ դերասաններու ընտանիքի մէջ 1924 թուականին: Զանգուածային հայրենադարձութեան ժամանակ Ազնաւուրեաններու ընտանիքը դարձաւ այն հազարաւոր ընտանիքներէն մէկը, որ հայրենիք վերադառնալու մտադրութեամբ դիմած էր Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Ազնաւուրեանները Ախալցխայէն են
Ազնաւուրեաններու տոհմը, որոշ տուեալներու համաձայն, սկիզբ կ’առնէ Արեւմտեան Հայաստանէն (ներկայիս Թուրքիա), սակայն մանրամասն տուեալներ դեռ չկան: Յայտնի է, որ Շառլ Ազնաւուրի մեծհայրը` հօրական կողմէն Միսաք Ազնաւուրեանը, որոշ շրջաններու մէջ յայտնի խոհարար էր, որ կեանքի վերջին տարիներն ընտանիքին հետ անցուցած է Փարիզի մէջ: Ան մահացած է 1938 թուականին: Հայաստան յաճախ Շառլի մեծմայրը կու գար` Հայկանոյշը:
1897 թուականի մայիսին Ախալցխայի մէջ Միսաքն ու Հայկանոյշն ունեցան Մամիկոնը` ապագայ շանսոնյէի հայրը: Մամիկոնը դերասան էր եւ կրցած էր աշխատիլ Թիֆլիսի թատերախումբին մէջ, իսկ աւելի ուշ թատերախումբին հետ միասին հիւրախաղերով մեկնած էր Կոստանդնուպոլիս (այժմ` Սթամպուլ):
Ան ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր հանդիպեցաւ ապագայ կնոջը` Իզմիրի մէջ ծնած Քնար Պաղտասարեան-Ազնաւուրեանին: Քնարի ծնողները մահացան Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զանգուածային ջարդերու ժամանակ: Քնարը նոյնպէս դերասանուհի էր:
Անոնք ամուսնացան 1922 թուականի յունուար 22-ին, իսկ մէկ տարի անց ունեցան դուստր, որուն անուանեցին Այտա: Երկու տարի անց 1924 թուականին Փարիզի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Շառլ Ազնաւուրը:
Չկայացած հայրենադարձութիւն
Համիտեան ջարդերէն (1894-1896) եւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք քանի մը միլիոն հայ յայտնուեցաւ հայրենիքէն դուրս: XX դարու 20-30-ական թուականներուն սկսաւ հայրենադարձութեան առաջին ալիքը դէպի Արեւելեան Հայաստան:
«Արխիւի մէջ բազմաթիւ փաստաթուղթեր պահպանուած են, որոնք կը հաստատեն այդ տուեալները, սակայն զանգուածային ու տարրերային պէտք է համարել 1946 թուականին սկսած հայրենադարձութիւնը», — Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական բաժինի աշխատակից Մարինէ Մարտիրոսեան:
Անոր խօսքով, այդ ժամանակաշրջանին Խորհրդային Հայաստան ժամանած ու հաստատուած էին բազում հայեր, որոնց համար ստեղծուած էին գոյութիւն պաշտպանելու համապատասխան պայմաններ:
«Հայաստան Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք դժուար վիճակի մէջ էր, սակայն հայրենադարձներուն կ’օգնէին ինչով որ կրնային», — նշեց Մարտիրոսեան:
Արխիւին մէջ պահպանուած են հայրենիք վերադառնալու նպատակով Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան դիմած Ազնաւուրեաններու ընտանիքի փաստաթուղթերը:
«Խորհրդային իշխանութիւններուն ուղարկած փաստաթուղթերուն մէջ կան նամակներ, ուր Ազնաւուրեաններու ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կը գրէր, որ շատ կը ցանկայ Հայաստան բնակութիւն հաստատել»,- յայտնեց Մարտիրոսեան:
Բազմաթիւ թուղթերու մէջ պահպանուած է նաեւ Շառլ Ազնաւուրի առաջին կնոջ` ֆրանսուհի Միշլէնի գործը:
«1927 թուականի սեպտեմբեր 14-ին Փարիզի մէջ ծնաւ ֆրանսուհին` Փոլի եւ Ժան Ռուժելի դուստրը: Երգչուհի, ունիմ միջին կրթութիւն, ամուսնացած եմ Շառլ Ազնաւուրի հետ: Մեծ ցանկութիւն ունիմ խորհրդային երկիր գալու», — գրուած է նամակին մէջ, որ Sputnik Արմենիայի համար կարդաց Մարտիրոսեան:
Հայաստան գալու ցանկութիւնը մեծ էր, սակայն մեծ երգիչի նախնիները չյաջողեցան ատիկա ընել: «Երեւի անոնք ինկած են պատմական հայրենիք վերադառնալ ցանկացողներու զանգուածային ալիքին մէջ ու պարզապէս չեն ընտրուած», — եզրափակեց Մարտիրոսեան:
Անով Հայաստանի հետ Շառլ Ազնաւուրի կապը չաւարտեցաւ: Ան պարբերաբար կու գար հայրենիք: Ազնաւուր մեծ ներդրում ունի 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ Հայաստանի վերականգնման գործին մէջ:
2004 թուականին, այն ժամանակ գործող նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի հրամանով, Շառլ Ազնաւուրն արժանացաւ Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման: