Սերժ Թանկեան իր հետքը ձգեց «Game of Thrones» դրուագաշարի պատմութեան մէջ. տեսանիւթ

Աշխարհահռչակ հայ երգիչը տեղեկացուցած է, որ համագործակցած է «Գահերու խաղը» դրուագաշարի երգահանին հետ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 20 մայիսի – Sputnik. Յայտնի երգահան, երգիչ, System Of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան գրառում մը ըրած է Twitter-ի իր էջին վրայ եւ յայտնած, որ համագործակցած է Game of Thrones ամերիկեան դրուագաշարի երգահան Ռամին Ճաւատիի հետ:

«Պատիւ ունիմ տեղեկացնելու, որ «Գահերու խաղը» դրուագաշարի դիւցազնական աւարտէն յետոյ իմ ընկեր եւ դրուագաշարի երգահան Ռամին Ճաւատին ինծի հրաւիրած է 8-րդ եթերաշրջանի սաունտթրէքներէն մէկուն` «Rains of Castamere»-ի համար վոկալ ձայնագրելու»,– գրած է ան:

Կարօ Փայլան հանդիպած է պոլսահայ տղուն հետ, որ շոուի ընթացքին իբր իսլամութիւն ընդունած է

Օգտատէրերը այնչափ սիրած են Թանկեանի կատարումը:

Delliah Mercury անունով օգտատէրը գրած է, որ ինք երբեք չէ դիտած դրուագաշարը, բայց մեծ հաճոյքով լսած է կատարումը:

HunterKnightCustoms‏ -ն ալ աւելցուցած է, որ բառացիօրէն լացած է Թանկեանի կատարումը լսելուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած երգիչին: Յիշեցնենք, որ երաժշտութիւնը կարեւոր դեր խաղցած է «Սառցի եւ հրի երգի» ֆիլմի աշխարհին մէջ: Զգուշացէք. յաջորդիւ խանգարողներ են. «Ռէյները Կաստամերից» երաժշտութիւնը հնչած է Կարմիր հարսանիքի աւարտին եւ ահազանգած կոտորածի մասին, որուն ընթացքին սպաննուած են Ռոպ Սթարքը, անոր մայր Քէյթլին Սթարքը, անոր յղի կինն ու բազմաթիւ դաշնակիցներ:

Դրուագաշարի նախկին եթերաշրջաններուն երաժշտութիւնն իր հետ բերած է դաժան կոտորածներ` «Լանիսթերներու բոլոր թշնամիները կը ջախջախուին» բնաբանով:

Այն հնչեց նաեւ 8-րդ եթերաշրջանի եզրափակիչ դրուագին, երբ բոլոր Լանիսթերները գրեթէ ոչնչացած էին Տէյներիսի չտեսնուած դաժանութեան պատճառով:

Իրանագերմանացի երգահան Ռամին Ճաւատին համաշխարհային ճանաչման հասած է` երաժշտութիւն ստեղծելով «Warcraft», «Iron Man», « Pacific Rim» ֆիլմերու, ինչպէս նաեւ «Prison Break», «Game of Thrones», «The Strain», «Westworld», «Person of Interest» դրուագաշարերուն համար: