Ջարդերէն ու կոտորածէն փրկուող հայը, որ փրկուեցաւ նաեւ «Թիթանիք»-էն

Դաժան ճակատագրապաշտական խօսք մը կայ, թէ` որուն վիճակուած է այրիլ, ջուրի մէջ չի խեղդուիր: Բայց կեանքի օրինակները, ինչպէս ըսենք, «Թայթանիք»-էն փրկուած ուղեւոր Նշան Գրիգորեանի պարագային, որեւէ ասոյթէ շատ աւելի հետաքրքրական են: Կը թուի, թէ ալ բան չկայ անցեալ դարասկիզբին` 1912-ի ապրիլին սառցալերան բախուած ու խորտակուած «Թայթանիք» շոգենաւին հետ կապուած, որ անյայտ մնացած ըլլայ:
Sputnik

Արմեն Հակոբյան, Sputnik Արմենիա

Այն, որ «Թայթանիք»-ի ուղեւորներուն մէջ հայեր ալ  եղած են, նորութիւն չէ: Հասանելի կամ համացանցային բաց աղբիւրներուն մէջ, ներառեալ` «Թայթանիքի հանրագիտարանին մէջ» այդ մասին ալ տեղակութիւններ կան: Բայց ամէն պարագայի, հետաքրքիր է, երբ հաստատ մարդու կենսագրութեան մասին պատկերացում հաղորդող տեղեկութիւններու կը հանդիպիս:

Նշան Գրիգորեան (անգլերէն տառադարձմամբ` Neshan Krekorian), ըստ այդ տեղեկութիւններուն, ծնած է 1886 թուականի մայիս 12-ին, Էրզրումին մերձակայ Քղի գիւղին մէջ: Թէպէտ անոր մահուան վկայականին մէջ որպէս ծննդեան օր նշուած է դեկտեմբեր 1-ը:

Թէ ինչ վիճակ  եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ ինչ հետապնդումներ, ջարդեր ու կոտորածներ  կազմակերպուած են բնիկ հայութեան դէմ, մեր ընթերցողին ներկայացնելու լրացուցիչ անհրաժեշտութիւն չկայ:

Փաշինեան դաւադիր մտադրութիւն կը տեսնէ Արցախի հարցին մէջ եւ կը խոստանայ ամենակոշտ միջոցներ

Իսկ Նշան Գրիգորեանի կեանքին առնչուող յաջորդող մանրամասնութիւնները իսկապէս ալ հետաքրքիր են: Ափսոս, որ ոչ մէկը Ճէյմս Քեմերոնին մեր ազգակիցի կեանքին մասին ոչինչ  պատմած է, այլապէս նման պատմութիւն մը անոր ուշադրութենէն չէր վրիպեր: Ինչեւէ:

Հայերու, առհասարակ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու հերթական ալիքէն յետոյ, 1910-11 թուականներուն Նշան Գրիգորեան խումբ մը հայրենակիցներու, համագիւղացիներու` Արսէն Սիրքանեանի, Յարութիւն Տէր-Զաքարեանի, Մամփրէ Տէր-Զաքարեանի եւ Դաւիթ Վարդանեանի հետ կը հեռանայ հայրենի եզերքէն` Գանատա մեկնելու նպատակով: Հետաքրքիր է նաեւ, որ ոչ թէ պարզապէս այլ երկիր կը պատրաստուէին մեկնիլ, այլ հաստատ տեղ` Գանատայի Օնթարիոյ նահանգի Համիլթոն քաղաք, Փոլ Մարթինի մօտ:

Կան յիշատակումներ, թէ Նշան Գրիգորեան անտոմս ուղեւոր եղած է, նոյնիսկ, որ Մարսէլի մէջ ինչ-որ մէկուն կաշառելով յայտնուած է ճակատագրական նաւին մէջ:

Բայց ի հակառակ այդ վարկածին, կը նշուի, որ վաճառուած տոմսերու ցանկին մէջ առկայ է, որ Նշան Գրիգորեանի տոմսի համարն էր` 2654, իսկ տոմսն ալ արժէր 7 ֆունտ սթերլինկ:

Յայտնի է նաեւ, որ Նշան Գրիգորեան Շերպուրի մէջ նաւ բարձրացած է` հեռաւոր ամերիկեան մայրցամաք ճանապարհ իյնալով որպէս երրորդ դասի ուղեւոր: Յետագային ան պատմած է հարազատներուն, որ այդ երրորդ կարգի նաւախցին մէջ (E-57 սենեակ, F-տախտակամածին մէջ) ինք կարծես փակուած ըլլար:

Թուրքիա չի յանդգնիր զանգուածային կերպով արտաքսել հայերը. փորձագէտը նշեց պատճառները

Ճակատագրական բախման ժամանակ Նշան Գրիգորեան նաւախցին մէջ  եղած է, իր մահճակալին պառկած: Ան, կարելի է ըսել, արագ կողմնորոշուած է եւ կրցած է  հասնիլ վերին տախտակամած, աւելին, յաջողած է նստել փրկանաւակներէն մէկը, աւելի ճիշդ` ցատկած ատոնցմէ մէկուն մէջ:

Ճիշդ է, յետագային ան թոքերու բորբոքում  ունեցած է , բայց ատիկա ոչինչ է, եթէ հաշուի  առնես, թէ ինչէ փրկուած է: Նիւ Եորքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ  բուժուելէ յետոյ, Նշան Գրիգորեան ի վերջոյ կը հասնի Գանատայի Օնթարիոյ նահանգի Պրենթֆորտ քաղաք, ուր կը շարունակէ բուժումը:

Վերջիվերջոյ, աղէտէն փրկուելէ վեց տարի անց, 1918-ին Նշան Գրիգորեան  կը տեղափոխուի Սենթ Քաթարինս քաղաք, կ’ամուսնանայ Փերսա Վարդանեանի հետ, կ’աշխատի «Ճեներալ Մոթորս»  ընկերութեան գործարանին մէջ, եւ  տիկնոջ հետ կը մեծցնէ չորս զաւակները:

Ջարդերէն ու կոտորածէն փրկուող հայը, որ փրկուեցաւ նաեւ «Թիթանիք»-էն

Կ’ըսեն, որ յետագայ ամբողջ կեանքի ընթացքին Նշան Գրիգորեան այլեւս որեւէ նաւ չէ նստած, որ միանգամայն հասկնալի է  մարդու մը պարագային, որ «Թայթանիք»-էն  փրկուած է:

Նշան Գրիգորեան  մահացած է պատկառելի տարիքի մէջ` 92 տարեկանին, մայիս 21-ին, արդէն յիշատակուած է Սենթ Քաթարինս քաղաքին մէջ: