Տոլմայի փառատօն տեղի կ’ունենայ Զուարթնոցի տաճարին մօտ. ի՞նչ կը խոստանան կազմակերպիչները

35 տաղաւարներու ներկայացուցիչները կը ցուցադրեն ամենահամեղ ու ինքնատիպ տոլմա եփելու հմտութիւնները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 17 մայիսի — Sputnik. Այս տարի տոլմայի միջազգային փառատօնը միւս տարիներուն համեմատ աւելի մեծ շուքով պիտի իրականացուի, ինչպէս նաեւ պիտի փոխուի կայացման վայրը. «համեղ» ձեռնարկը պիտի կազմակերպուի Զուարթնոցի տաճարին մօտ: Այսօր Sputnik Արմենիա մուլտիմետիոն մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ Հայ խոհարարական աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան:

Տոլմայի փառատօն տեղի կ’ունենայ Զուարթնոցի տաճարին մօտ. ի՞նչ կը խոստանան կազմակերպիչները

«Մայիսի 19-ին իրականացուող ձեռնարկը մեծածաւալ կ’ըլլայ: 35 տաղաւարներու ներկայացուցիչները կը ցուցադրեն ամենահամեղ ու ինքնատիպ տոլմա եփելու հմտութիւնները: Արհեստավարժները կը պատրաստեն նաեւ ամենաերկար տոլման, որ կրնայ ընդգրկուիլ Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ», – ըսաւ Մամուլեան:

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

Ան նշեց, որ այս տարի ձեռնարկին միացած են նաեւ ռազմական խոհարարները, ինչպէս նաեւ գերմանական Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները:

«Զուարթնոց» տաճարի տարածքին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկը կը մեկնարկէ 14:00-ին ու կ’անցնի աւանդական երգ ու պարով:

«Տեղը շատ յարմար է, եւ վստահ եմ, որ ձեռնարկը բոլորը պիտի սիրեն», – ըսաւ Մամուլեան:

Ժիւրիի անդամներէն մէկը` «Բուրեաթիայի Հանրապետութեան խոհարարներ» ընկերակցութեան նախագահ Երուանդ Ղալաչեանն ալ նշեց, որ երկրորդ անգամ տոլմայի փառատօն տեղի կ’ունենայ նաեւ Բուրեաթիայի մէջ:

«Այս տարի Բուրեաթիայի մէջ նոյնպէս փառատօնը մեծածաւալ պիտի ըլլայ: Ամբողջ Ռուսաստանէն խոհարարներ պիտի մասնակցին, հիւրեր պիտի ըլլան արտասահմանէն: Ձեռնարկը նախատեսուած է յունիս 11–ին», – ըսաւ Ղալաչեան:

Անոր խօսքով` փառատօնը խոհարարները շատ կը սիրեն: Անցած տարի յաղթած է սոխի մէջ փաթթուած տոլման:

Տոլմայի փառատօն տեղի կ’ունենայ Զուարթնոցի տաճարին մօտ. ի՞նչ կը խոստանան կազմակերպիչները

Նշենք, որ տոլմա եփելու մօտ 80 եղանակ կայ: Հայկական աղբիւրներուն մէջ տոլմայի մասին առաջին յիշատակումը կը թուագրուի մ.թ.ա. 5–րդ դարով:

Ի դէպ, արդէն հինգ անգամ տոլմայի փառատօն տեղի ունեցած է Թիֆլիսի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ 4-րդ անգամ տոլմայի փառատօն կազմակերպուի նաեւ Նիւ Եորքի մէջ: