ԵՐԵՒԱՆ, 17 մայիսի-Sputnik. Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի երեխաներու իրաւունքներու կեդրոնը հայցադիմում ներկայացուցած է Սթամպուլի հանրապետական դատախազութիւն` ընդդէմ ուղիղ եթերով 13-ամեայ հայ երեխան «կրօնափոխած» իսլամական քարոզիչին եւ թրքական ATV հեռուստաընկերութեան: Այս մասին կը յայտնէ «ermenihaber»-ը, յղում կատարելով «Gazetekarinca» կայքին:
Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի վերոյիշեալ կեդրոնը հայցադիմումին մէջ նշած է.
«Կը պահանջենք, որպէսզի քրէական վարոյթ սկսի այն հեռուսատաընկերութեան նկատմամբ, որ թոյլ տուած է, որ այդ միջադէպը կատարուի մամուլի միջոցով եւ այն անձանց նկատմամբ, որոնք ոտնձգութիւն կատարած են երեխայի կրօնի եւ խղճի ազատութեան դէմ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա ապրող 13-ամեայ Արթուր անունով հայ տղային համոզած էին ATV-ի ուղիղ եթերով իսլամ ընդունիլ: Տղան նաեւ անուանափոխ եղած էր եւ ընդունած թրքական «Նիհաթ» անունը: «Իսլամութիւն ընդունիլը» տեղի ունեցած էր թուրք յայտնի աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի` շոուի տարրեր ունեցող քարոզչական բնոյթի հաղորդման ժամանակ: