ԵՐԵՒԱՆ, 16 մայիսի — Sputnik. ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեան այսօր դատարանին մէջ միջնորդեց թոյլատրել դատարանին ներկայացնել տեսանիւթ, որուն մէկ մասը քրէական գործին մէջ առկայ է, իսկ միւս մասը` ոչ:
«Կը խնդրեմ ապահովել տեխնիկական միջոցներ, որպէսզի մեր ձեռքին տակ եղած տեսանիւթը ցուցադրենք»,– ըսաւ պաշտպանը` նշելով, որ ինք կրնայ այդ տեսանիւթին մէջ կատարուածը ներկայացնել բառերով, սակայն ատիկա կը տեւէ երկու ժամ:
Խուդոյեանի խօսքով` տեսանիւթին մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս ոստիկաններուն ուղղութեամբ նռնակ կը նետեն:
Դատարանը, սակայն, մերժեց այդ միջնորդութիւնը: Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան յայտարարեց, որ այդ տեսանիւթն այս փուլին մէջ չուսումնասիրուիր: Քոչարեանի պաշտպանները առարկեցին դատարանի որոշման դէմ:
Ռոբերտ Քոչարեան դատական նիստին ընթացքին խօսած է այն տեսանիւթին մասին, որ իրեն ժամանակին ցոյց տուած է ԱԱԾ նախկին տնօրէնը:
ԱԱԾ նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեան Ռոբերտ Քոչարեանի գրասենեակ տարած է ու ցոյց տուած տեսանիւթ մը, ուր կ’երեւի՝ ինչպէս ոստիկաններուն ուղղութեամբ նռնակ կը նետեն: Այսօր Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ ընթացող դատական նիստի ժամանակ այս մասին յայտարարեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան:
«Մենք կ’ուզենք հիմա մեր ձեռքին տակ եղած այդ տեսանիւթը ցուցադրել, քանի որ քննչական մարմինը սկիզբէն կտրուկ կը մերժէր, որ այդպիսի նիւթեր ունի: Այդ տեսանիւթն ինծի անձամբ Գորիկ Յակոբեանը ցոյց տուած է»,–ըսաւ ան:
Անոր խօսքով` Գորիկ Յակոբեան իրեն ըսած է, որ, այո, 2008 թուականի մարտի դէպքերուն ժամանակ զէնք կիրառուած է, նռնակներ կան:
Ըստ Քոչարեանի` երբ մամուլին մէջ սկսած են քննադատել, թէ նման բան չկայ, Յակոբեան տեսանիւթը բերած ու ցոյց տուած է: Անոր հաւաստմամբ` տեսանիւթին մէջ կան շարք մը դրուագներ, որոնք այսօր որեւէ տեղ չկան: «Ես չեմ գիտեր` ուր են այդ հատուածները: Նիւթերուն մէջ կար` ինչպէս նռնակէն ոստիկանութեան հրամանատարը կը զոհուի, իսկ հիմա չկայ այդ ամէնը»,–ըսաւ Քոչարեան:
ԱԱԾ նախկին ղեկավար Գորիկ Յակոբեանը մահացած է 2017 թուականին:
Յիշեցնենք` Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորք–Աւան համայնքներու նստավայրին մէջ արդէն չորրորդ օրն է, որ կ’ընթանայ Մարտ 1-ի գործով դատավարութիւնը: Դատարանը ներկայ փուլին մէջ կը քննարկէ Ռոբերտ Քոչարեանի կալանքի տակ մնալ–չմնալու հարցը:
Մարտ 1-ի գործով ամբաստանեալները 4 հոգի են` ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, Զինուած ուժերու գլխաւոր գրասենեակի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովը, 2008-ին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեանը: Դատավարութիւնը մեկնարկած է մայիս 13-ին:
Յիշեցնենք, որ այսօր դատարան ներկայացան Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանն ու գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Մարտ 1-ի գիշերը Ազատութեան հրապարակին վրայ ոստիկանական ուժերը հետախուզական գործողութիւններ իրականացուցած էին «տեղանքը ստուգելու» համար եւ հազարաւոր ցուցարարներու հեռացուցած էին հրապարակէն:
Մարտ 1-ի երեկոյեան ԶՈՒ եւ ոստիկանութեան ստորաբաժանումները Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ զէնքի, պայթուցիկ սարքերու եւ յատուկ միջոցներու օգնութեամբ ցուցարարները ցրելու համար յատուկ գործողութիւններ իրականացուցած էին: Հարիւրաւոր մարդիկ վնասուածքներ ստացած էին, մահացած էին 8 քաղաքացիական անձ եւ 2 ոստիկան: