Թոշակի անցած զինծառայողներուն պետութիւնը բնակարան գնելու գումար կու տայ

Մարզերու մէջ զինծառայողներու բնակարանային խնդիրը կը լուծուի, Երեւանի մէջ կառավարութիւնը միայն որոշակի լուծման տարբերակ կ’առաջարկէ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 մայիսի — Sputnik. Տարիքի ու առողջական վիճակի պատճառով զինուորական ծառայութենէն ազատուած զինծառայողներուն բնակարանի ապահովման նպատակով պետութիւնն անհատոյց կը տրամադրէ 5.7 մլր դրամ: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան:

Երեւանցիները նոր այգի ունին. բացումին ներկայ էր Նիկոլ Փաշինեան

Որոշման համաձայն` Երեւանի մէջ բնակարան գնելու համար կը տրամադրուի բազմաբնակարան շէնքներու բնակարաններու շուկայական արժէքի 50 տոկոսի չափով գումար, հանրապետութեան այլ քաղաքներուն մէջ` միջին արժէքի հաշուարկով, իսկ գիւղերուն` 90 տոկոսի:

Ի դէպ` առաջին հերթին բնակարան գնելու գումար կը ստանան սահմանամերձ բնակավայրերու, ապա մարզերու եւ միայն երրորդ փուլով` Երեւանի զինծառայողները:

«Մարզերուն մէջ այս գումարը հնարաւորութիւն կու տայ 100 տոկոսով կարիքները բաւարարելու»,– ըսաւ Փաշինեան` նշելով, որ նման եզրակացութեան  յանգած է կալուածագիրի կոմիտէէն ստացած տեղեկանքն ուսումնասիրելով ու բնակարաններու արժէքներուն ծանօթանալով:

«Մարզերուն մէջ մենք խնդիրը կը լուծենք, Երեւանի մէջ ալ կ’առաջարկենք տարբերակ: Ժողովուրդ ջան, եթէ այդ տարբերակը  ձեռնտու է ձեզի, խնդրեմ, օգտուէք»– ըսաւ Փաշինեան:

Դաւիթ Տոնոյեան  չբացառեց, որ եթէ մարզերուն մէջ պահանջարկն ապահովելէ ետք  գումար աւելնայ, Երեւանի համար նախատեսուած տոկոսադրոյքը կը վերանայուի: