Հենրիխ Մխիթարեան թերեւս վերադառնայ Տորտմունտ «Պորուսիա»

Տեղեկութիւններն այն մասին, որ Հենրիխ Մխիթարեան ամառը կը հեռանայ «Արսենալ»-էն նոր թափ կը հաւաքեն:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 7 Մայիս — Sputnik. Լոնտոնի «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան թերեւս  վերադառնայ Տորտմունտ քաղաքի «Պորուսիա» խումբ:

«Ես յաճախ հայկական ուժը կ’օգտագործեմ»․ ինչպէս մոսկուացին զարմացուցած է Փաշինեանը

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արսենալ»-ի AFC TV եութուպեան ալիքը, գերմանական ակումբը հետաքրքրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագը ետ բերելու տարբերակով:

Անգլիոյ ընթացիկ առաջնութեան մէջ հայ կիսապաշտպանը մասնակցած է 23 հանդիպման, դարձած 6 կոլի ու 4 կոլային փոխանցման հեղինակ:

Յիշեցնենք, որ Հենրիխ Մխիթարեան «Արսենալ»-ին  միացած է 2018-ի յունուարին, որուն հետ անոր գործող պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2021-ի ամառը: Ատկէ առաջ ան 2016-ի յուլիսէն կը խաղար «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ին, որուն կազմին մէջ ունեցած է 39 հանդիպում եւ դարձած 5 կոլի հեղինակ: Տորտմունտ քաղաքի  «Պորուսիա» խումբին մէջ հայ կիսապաշտպանը հանդէս եկած է 2013-2016 թուականներու ընթացքին: