Հայաստան կը կրճատէ սպառազինութիւնը` Ատրպէյճանի հետ ունեցած տարբերութիւնը. Յարութիւնով

Ատրպէյճանի պաշտպանական ծախսերը նախկինին նման ահռելի կը մնան, բայց իրավիճակն ակնյայտօրէն այն չէ, որ եղած է քանի մը տարի առաջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 29 ապրիլի — Sputnik, Աշոտ Սաֆարեան. Հայաստան աստիճանաբար կը կրճատէ  սպառազինութիւնը եւ ռազմական սարքեր գնելու առումով Ատպէյճանի հետ ունեցած տարբերութիւնը, եւ այդ գործընթացքը յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակուի: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց ռազմական փորձագէտ Դաւիթ Յարութիւնով` մեկնաբանելով Խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան Սթոքհոլմի միջազգային հիմնարկի(SIPRI) զեկոյցը:

Հայաստանի մէջ բնակարաններու գիները կ’աճին. հոգեբանական ու տնտեսական պատճառները

Կեդրոնի տուեալներով` 2018–ին Հայաստանի ռազմական ծախսերն անցած տարուան համեմատ աճած են 33 տոկոսով` կազմելով 609 միլիոն տոլար: Հայաստան յայտնուած է ռազմական ծախսերու բարձր արագութեամբ աճի 15 երկիրներու շարքին:

Ինչպէս կը կարծէ Յարութիւնով, Ատրպէյճանի պաշտպանական ծախսերը նախկինին նման ահռելի են, բայց իրավիճակն ակնյայտօրէն այն չէ, ինչ եղած է  քանի մը տարի առաջ: 2010-էն սկսած` Ատրպէյճան  բուռն կերպով սպառազինուած է` գնելով ռազմական սարքերու նոր տեսակներ: Եւ  պահ մը հաւասարակշռութիւնը խախտուած էր յօգուտ Պաքուի: Սակայն նաւթի համաշխարհային գիներու անկման պատճառով Ատրպէյճանի հնարաւորութիւնները զգալիօրէն նուազած են:

«Ազգային արժոյթի` մանաթի արժէզրկման շնորհիւ իրավիճակը կտրուկ փոխուած է: Ռազմականացման աստիճանը արդէն այն չէ: Իր հերթին Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը 2016–ի ապրիլեան պատերազմէն յետոյ անհրաժեշտ հետեւութիւններ  ըրած է եւ սկսած ածխուժօրէն արդիականացնել ու համալրել զինանոցը: Բացի այդ, ռազմական շինարարութեան շատ կողմեր հասկնալի պատճառներով չեն բարձրաձայնուիր», – ըսաւ Յարութիւնով:

Էրտողան աւելի թշնամական դարձած է. Հայաստանը ինչպէ՞ս պէտք է «սանձէ» Թուրքիան

Ան ուշադրութիւն դարձուց, որ վերջին շրջանին Հայաստան հիմնական կը գնէ բարդ, արհեսագիտական համակարգեր, որոնք, որպէս կանոն, թանկ արժեն:

Կայ եւս  ոչ պակաս կարեւոր հանգամանք մը. Երեւանը հիմնականին մէջ զէնք կը գնէ Ռուսաստանէն, ընդ որում` ներքին գիներով, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, որ սպառազինութիւններ կը ստանայ համաշխարհային գիներով:

Այդ փաստը նոյնպէս կ’արտացոլուի ռազմական ծախսերու վիճակագրութեան վրայ:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի ծախսերուն, ապա միջոցներու զգալի մասը կը տրամադրուի Կասպիական նաւատորմին, որ աշխարհագրական պատճառներով նոյնիսկ տեսականօրէն չի կրնար սպառնալիք համարուիլ Հայաստանի համար: