Էրտողան աւելի թշնամական դարձած է. Հայաստանը ինչպէ՞ս պէտք է «սանձէ» Թուրքիան

Իսլամամէտ եւ ազգայնական ընտրազանգուածին օգնութեան վրայ յոյս դնելով` Էրտողան աւելի ծայրայեղական դիրքորոշում կ’արտայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 29 ապրիլի –Sputnik, Աշոտ Սաֆարեան. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան երթալով աւելի թշնամական կը դառնայ իր հռետորաբանութեան եւ գործողութիւններուն մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին օրը` ապրիլ 24-ին, անոր բաւական սադրիչ յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց: Թուրքիոյ նախագահը, փաստօրէն, արդարացուց երիտթուրքերու կառավարութեան գործողութիւնները, կառավարութիւն, որ ծրագրած ու իրականացուցած էր  ամբողջ ժողովուրդի մը կոտորածը եւ այդպիսով փորձած «վերջնականապէս լուծել հայկական հարցը»:

Ականի պայթումէն տուժած սակրաւորը որոշած է վերադառնալ Սուրիա. երեխաները կը խաղան ականներով

Թուրքիոյ նախագահը ապրիլ 24-ին Պոլսոյ հայ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանին ուղղուած նամակին մէջ ցաւակցութիւն  յայտնած էր 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած հայերու ժառանգներուն: Միեւնոյն ժամանակ ան յայտարարած էր, որ շատերն իբրեւ թէ զոհուած են «այն անկարգութիւններու պատճառով, որոնք կազմակերպած էին հայկական հրոսակախումբերն ու զինուած խմբաւորումները»: Անոր խօսքով` «հայ հրոսակախումբերը կը կոտորէին Անատոլիոյ մահմետականներուն, անգամ կանանց, երեխաներուն ու ծերերուն»: Եւ որ նման  պայմաններու մէջ անոնց տեղահանութիւնը «ամենաողջամիտ որոշումն էր»:

ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի կարծիքով, Էրտողանի այդ աստիճան թշնամական պահուածքը մէկ նպատակ ունի` իշխանութեան գլուխ մնալ նաեւ 2023 թուականէն յետոյ, երբ կը նշուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը:

«Իսլամամէտ եւ ծայրայեղ ազգայնական ընտրազանգուածի օգնութեան վրայ յոյս դնելով Էրտողան աւելի ծայրայեղական դիրքորոշում կ’արտայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ պատմական խնդիրներու հարցով»,– Sputnik Արմենիային տուած հարցազրոյցին նշեց փորձագէտը:

Քեմալ Աթաթուրք 1923 թուականին  հիմնած է Թուրքիոյ հանրապետութիւնը: Սաֆրաստեանի խօսքով` Ներկայիս նախագահը կ’ուզէ «Նոր Թուրքիա» ստեղծել: Այդ ծրագիրին գաղափարական հիմքերէն մէկն է փանթուրքիզմը:

Ֆրանսահայը հայերէն եւ թրքերէն երգերով համերաշխութեան կոչ կը յղէ երկու ժողովուրդներուն

«Օրինակ`  քանի մը տարի առաջ, ես հրաւէր ստացայ մասնակցելու  խոշոր գիտաժողովի մը Թուրքիոյ մէջ, որ պէտք է անցնէր Էրտողանի հովանիի ներքոյ: Գիտաժողովը նուիրուած էր թրքերէնի միջազգային հանրահռչակման հարցերուն: Կը կարծեմ` իմաստ չկայ ըսելու, որ մերժեցի այդ առաջարկը», – պատմեց Սաֆրաստեան:

Թրքագէտը կը նշէ, որ Էրտողան իր խօսքը բարձրաձայնելով Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցին օրը, շատ լաւ կը գիտակցէր` ինչ կ’ըսէ: Հայկական լսարանէն բացի, նախագահի խօսքերը կրնային ուղղուած ըլլալ նաեւ շարք մը իսլամական երկիրներու: Սոււրիոյ, Եգիպտոսի եւ այլ պետութիւններու մէջ վերջին շրջանին առաւել յաճախ սկսած են հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով: Եւ Էրտողան, երբ կը խօսի իսլամական կանանց եւ երեխաներու բնաջնջելու մասին, նպատակ կը դնէ Անգարայի դիրքորոշման շուրջ համախմբել իսլամական աշխարհը:

Այսօրուան Հայաստանը, փորձագէտին կարծիքով, պէտք է շարունակէ խթանել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքը: Միաժամանակ պէտք է շեշտը դնել Օսմանեան կայսրութեան հասցուցած ֆինանսատնտեսական, բարոյական, քաղաքական եւ տարածքային կորուստները փոխհատուցելու վրայ: Ասիկա մէկ կողմէն կ’ուժեղացնէ ճնշումը Թուրքիոյ վրայ, միւս կողմէն` կը լուծէ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու խնդիրը:  Բաւական բարդ ու ծաւալուն աշխատանք է` հաշուի առնելով Թուրքիոյ նման ուժեղ հակառակորդի կողմէ անխուսափելի դիմադրութիւնը: Սակայն այդ աշխատանքը կարելի է եւ պէտք է տանիլ` յենուելով հայ ժողովուրդի հզօր մտաւոր ներուժին վրայ: Սաֆրաստեան յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այսօրուան սերունդը առանցքային դեր կը խաղայ այդ հարցին մէջ: Ըստ անոր, հայերուն այս իրավիճակին կը պակսի ճիշդ համակարգումը: Պէտք է ջանքերը բռունցքել, եւ այստեղ ուղղորդող դեր ոչ թէ սփիւռքը պէտք է խաղայ, այլ հայկական պետութիւնը։