Էրտողանի ըրած յայտարարութիւնը խորին վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք. Փաշինեան

Իր ուղերձին մէջ ՀՀ վարչապետն ընդգծած է, որ աշխարհը պէտք չէ լռէ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 26 ապրիլի — Sputnik. Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ապրիլ 24-ի ելոյթն անուանած է ծայրայեղ ատելութեան խօսք: Այս մասին ան գրած է Twitter –ի իր էջին վրայ:

ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

«Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութիւնը, որ դատապարտուեցաւ զանգուածային սպանդի ու մահուան երթերու, «հայ հրոսակներ ու անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1.5 միլիոն մարդ սպաննելն ու ատիկա «ամենատրամաբանական վարքագիծ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլեւ`  ողջ ազգի մը սպանդի արդարացում»,–գրած է Փաշինեան:

Անոր խօսքով` ապրիլ 24-ին Էրտողանի ըրած յայտարարութիւնը հայ ժողովուրդին եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ խորին վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք: «Աշխարհը պէտք չէ լռէ»,–գրած է ՀՀ վարչապետը:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Յիշեցնենք, որ երէկ Էրտողան ՀԱԵ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանին ուղղուած նամակին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է 1915–ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ մահացած հայերու սերունդներուն:

«Կը յարգեմ օսմանեան հայերու յիշատակը, որոնք մահացած են Առաջին աշխարհամարտի դաժան պայմաններուն մէջ, իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց սերունդներուն: Ես Ալլահի ողորմածութիւնը կը մաղթեմ մարդոց, որոնք այդ ժամանակ մահացած են համաճարակներու, գաղթի, թուլացած պետական իշխանութեան պատճառով, որուն հետեւանքով աւազակախումբերը եւ զինուած խմբաւորումներն անկարգութիւններ  կազմակերպած են», – գրած էր Էրտողան:

Ան  հաւաստիացուցած է, որ թրքական իշխանութիւնները «յատուկ նշանակութիւն կու տան հայ համայնքի անվտանգութեան ու բարեկեցութեան»: