ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Քոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը եւ Արցախի անկախութիւնը
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 24 ապրիլի - Sputnik. Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, ուր առանձին կէտով ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը:

Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

Նշենք, որ ԱՄՆ- ի մէջ արդէն 9 նահանգ ընդունած է Արցախի անկախութիւնը:

Այս մասին «Երկիր մետիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սիմոն Մաղաքեան:

Մաղաքեան աւելցուցած է, որ Քոլորատոյի ներկայացուցիչներու պալատի հռչակագիրին մէջ անդրադարձած են նաեւ Քոլորատոյի նահանգապետարանի տարածքին տեղադրուած խաչքարին մասին, որ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն յիշատակին: Խաչքարը Զուղայի ոչնչացուած խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակն է: