Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

Յովհաննիսեաններու ընտանիքը կը հաւատայ, որ երազանքները կ’իրականանան: Անոնք կ’արտադրեն չիրեր եւ քաղցր սուճուխ, մեղրային խառնուրդներ եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքիր ապրանքներ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամն իր աւանդը կ’ունենայ գործի զարգացման մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 14 ապրիլի — Sputnik, Նանա Մարտիրոսեան․ Բիւրականի մէջ «Չիրի տան» իւրաքանչիւր այցելու պարտաւոր է հէնց շեմէն կտոր մը պոկելու «երազանքի սուճուխէն» եւ ուտելու զայն` երազանք պահելով: Այդ քաղցր վայրի տիրուհին` Ծովիկ Յովհաննիսեան (Օհանեան) կը հաւատայ, որ երազանքները կը կատարուին, բայց ատոր համար պէտք է համարձակ ըլլալ եւ անդադար աշխատիլ:

Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

Հէնց անխոնջ աշխատանքն ալ անոր ընտանիքէն ներս երկար տարիներ գլխաւորը եղած է: 1989թ․-ին, երբ անոնք պետութենէն հողատարածք ստացած են, շատ դժուար եղած է: Սկիզբէն Յովհաննիսեանները զբաղուած են տարածքն ահռելի քարերէ եւ շինարարական աղբէն մաքրելով, իսկ ատկէ յետոյ այգի տնկած են: Սակայն ընդամէնը մէկուկէս տարի առաջ սկսած է սեփական բերքի վրայ հիմնուած արտադրութիւնը, երբ ելակն աճած է ջերմոցներու մէջ: Հիմա ընտանիքը կ’արդիականացնէ արհեստագիտութիւնները եւ յոյս ունի ստանալ մօտ տաս թոն էքոլոկիապէս մաքուր բերք:

Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

Յովհաննիսեան կը հաւատայ, որ գործը կրնայ լաւ շահոյթ բերել, չէ՞ որ տուեալ պահուն չորացուած ելակի մէկ քիլոկրամն արժէ մօտ 200 տոլար, բացի այդ բրիտանական շուկայ արտահանելու հնարաւորութիւն կայ:

«Պատկերացուցէք, որ լոնտոնեան սրճարանին մէջ աշխարհի տարբեր ծայրերէ եկած մարդիկ թէյ կը խմեն` պատրաստուած Բիւրականի մէջ աճեցուած մաքուր ելակէ: Ատիկա հիանալի է ու անհաւանական գեղեցիկ», - կը նշէ արտադրութեան տիրուհին:

Բայց Ծովիկին համար կարեւոր է ոչ թէ շահոյթը, այլ բուն գաղափարը, չէ որ այն միաւորած է ամբողջ ընտանիքը: Երեխաներուն կրթութեան մէջ ներդրած միջոցները վերադարձած են անոնց ստեղծարար գաղափարներու շնորհիւ: Ընտանիքին բոլոր անդամներն իրենց աւանդը կ’ունենան գործի զարգացման մէջ: Որդին` Պօղոսը, կը զբաղուի նոր տարածքներու շինարարութեամբ, դուստրերէն մէկը` գովազդով եւ առեւտուրով, միւսը` ձեւաւորումով եւ այլ հարցերով: Ամէն ինչ կը ղեկավարէ հէնց Ծովիկը, իսկ անոր ամուսինը կ’աջակցի ամբողջ ընտանիքին:

Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

Այժմ արտադրանքի տեսականին բաւական լայն է. չորացուած ելակէն բացի այստեղ կարելի է համտեսել չիրերու շատ տեսակներ, ֆիրմային քաղցր սուճուխ, մեղրային խառնուրդը` ընկոյզով եւ չիրերով, մրգային օղի եւ նոյնիսկ մարինացուած սունկ:

Ընտանիքը կ’իրականացնէ նաեւ թեմատիկ ձեռնարկներ․ ելակի բերքահաւաք` երեխաներու համար, աւանդական արիշտա եւ տնական օղի պատրաստելու վարպետութեան դասեր` զբօսաշրջիկներու համար, ուղղակի արտադրանքի համտեսում` բոլոր ցանկացողներուն համար: Եւ այդ ամէնը` մատչելի գիներով:

Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

«Գլխաւորը գործին սիրով վերաբերիլն է: Երբ մենք նոր տեղափոխուած էինք, բոլորը կ’ըսէին, թէ ինչ սարսափելի վայր է` համարեայ աղբանոց, եւ որ հողատարածքը հեռու է գիւղի գլխաւոր ճանապարհէն, իսկ ես կը պատասխանէի` սա մեր տիեզերքի կեդրոնն է: Հիմա այն իսկապէս տիեզերքի կեդրոն է, ուր կը ժամանեն աշխարհի տարբեր անկիւններէ, որպէսզի համտեսեն հայկական քաղցրաւենիք եւ ոչ միայն», - կը պատմէ Ծովիկը:

Արտադրութեան ժամանակ մօտ 30 մարդ կ’աշխատի, իսկ ձմեռուան շրջանին` 5-6: Անոնք բոլորը տեղի բնակիչներ են, ատիկա Յովհաննիսեանի սկզբունքներէն մէկն է: Անոնք այդպէս կը կատարեն ընկերային պարտաւորութիւնները, որոնք ինքնակամ վերցուցած են իրենց վրայ: Բացի այդ, ընտանիքը ամբողջ անհրաժեշտ միրգերը եւ բանջարեղէնը կը գնէ տեղի բնակիչներէն` այդպիսով իր աւանդն ունենալով Բիւրականի զարգացման մէջ: