«Գաղտնի» ճաշատեսակ եւ զարմացած ատրպէյճանցիները. հայ խոհարարներն ի՞նչ բերած են Տաղստանէն

Տաղստանէն եւ Եգիպտոսէն հայ շէֆ խոհարարները վերադարձած են յաղթանակներով ու արժանի մրցանակներով:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 18 ապրիլի — Sputnik. Ատրպէյճանի խոհարարներու կազմը  շնորհակալութիւն  յայտնած է Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանին Տաղստանի մէջ փառատօնի ժամանակ իրենց ճաշատեսակները բարձր գնահատելու համար: Այդ մասին Մամուլեան ըսաւ Sputnik Արմենիա մուլտիմետիոն մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Գաղտնի» ճաշատեսակ եւ զարմացած ատրպէյճանցիները. հայ խոհարարներն ի՞նչ բերած են Տաղստանէն

Մամուլեան Տաղստանի մէջ ապրիլ 11-13 կայացած երկրորդ միջազգային խոհարարական զբօսաշրջութեան մրցոյթի դատական կազմին մէջ  եղած է: Փառատօնին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի խոհարարներու խումբը ` խոհարարներ Եուրա Սարգսեան, Էդուարդ Սիմոնեան եւ Գարիկ Վարդանեան:

«Ատրպէյճանի կազմի ներկայացուցիչներէն մէկը մօտեցաւ ինծի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Ես հարցուցի` ինչու համար, ան պատասխանեց` որ չեմ նուազեցուցած գնահատականը: Ես զարմացայ եւ ըսի, որ ճաշատեսակը համեղ էր եւ գնահատած եմ ճաշատեսակը, այլ ոչ թէ քաղաքականութիւնը», – պատմեց Մամուլեան:

Այդ ժամանակ Մամուլեան պատասխան հարց  տուած է գործընկերներուն` թէ անոնք ցած գնահատական պիտի դնէի՞ն մեր ճաշատեսակին միայն այն պատճառով, որ այն պատրաստած են հայ խոհարարները:

Հետեւաբար, Մամուլեանի խօսքով, հայկական եւ ատրպէյճանական կազմերն ընկերացած են եւ նոյնիսկ պայմանաւորուած ապագային հանդիպելու երրորդ երկրի հարթակի վրայ:

«Գաղտնի» ճաշատեսակ եւ զարմացած ատրպէյճանցիները. հայ խոհարարներն ի՞նչ բերած են Տաղստանէն

Խոհարար, Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Եուրի Սարգսեան, որ մասնակցած է մրցոյթին, նշած է, որ հարեւաններուն հետ աշխատիլը շատ յարմարաւէտ էր:

Ան վստահ է, որ խոհանոցը` հարթակ է, ուր քաղաքականութիւնը մէկ կողմ կը քաշուի: Բայց, ցաւօք, ատիկա ոչ բոլորը կը հասկնան:

Հայկական կազմը մրցոյթէն վերադարձած է երեք պրոնզէ մետալներով, արծաթով եւ ոսկիով:

«Մրցոյթին մենք ներկայացուցած ենք «Անիի քաղցրաւենիք» աղանդերը, պատրաստած ոչխարի միս եւ դդումով աղցան: Սակայն դատական կազմին ամէնէն շատ զարմացուցած է աղանդերը: Անոնք երկար ժամանակ չեն կրցած հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է ստանալ նման հետաքրքիր համ` խառնելով բողկը, նուշը եւ մեղրը», – ըսաւ Սարգսեան:

Հայկական կազմը ոսկէ մետալ ստացած է «գաղտնի» մթերքներէ պատրաստուած ճաշատեսակին համար, այսինքն` երբ խոհարարներուն կ’առաջարկեն պատրաստել ինքնաբուխ եւ այն բաղադրիչներով, որոնց մասին նախօրօք չեն գիտեր:

Մեր կազմը պատրաստած է սաղմոնով աղցան, տաւարի միսով սթէյք, կաթնաշոռով աղանդեր:

«Գաղտնի» ճաշատեսակ եւ զարմացած ատրպէյճանցիները. հայ խոհարարներն ի՞նչ բերած են Տաղստանէն

Հայ խոհարարները զուգահեռ Եգիպտոսի մէջ մասնակցած են մրցոյթի, ուր գրաւած են առաջին տեղը «Լաւագոյն ազգային ճաշատեսակ» անուանակարգին մէջ` Culinary Taste of Culture միջազգային մրցոյթի ծիրէն ներս:

Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արբի Կարախանին Sputnik Արմենիա մուլտիմետիոն մամուլի կեդրոնին մէջ նշեց, որ բոլոր մասնակիցները եւ կազմակերպիչները հիացած են «

Արցախի հագանի» աւանդական հայկական ճաշատեսակով:

«Մենք չէինք գիտեր, որ ընդհանրապէս տեղի պիտի ունենայ նման մրցոյթ: Կը պարզուի, որ մեզ գնահատած են դատական կազմի 14 գաղտնի անդամներ», – ըսաւ Կարախանին:

Հայկական կազմը նուէր ստացած է ոսկեզօծ պատառաքաղներ եւ դանակներ` 8 քկ քաշով եւ ապակիէ արձանիկ: