Ռենա Լուսին Պիթմէզի ժապաւէնը Սթամպուլի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ

Ռենա Լուսին Պիթմէզի ըսաւ, որ այս մրցանակը կը նուիրե համայն աշխարհի տարածքին գաղթականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցած մանուկներուն։
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 17 ապրիլի-Soutnik. Ռենա Լուսին Պիթմէզ, Սթամպուլի շարժանկարի 38րդ փառատօնի մրցումին ներկայացուցած էր «Մայրիկ, Աստուած կը սիրէ գաղթական մանուկները» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէն մը, որ Սթամպուլի «Բերա Թանգարան»-ին մէջ ցուցադրուեցաւ արուեստասէրներուն եւ գնահատանքի մեծ աղմուկ յառաջացուց։ Այս փառատօնի մրցումին ներկայացուեցան 11 ժապաւէն։

Կը հանդիպինք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը. ֆրանսացի պատգամաւորը` Չաւուշօղլուին

Ժապաւէնին մէջ կը պատմուի որպէս գաղթական քաղաքս հաստատուած հայաստանցի մանուկներու առօրեայ կեանքը։ ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած են Հայաստանցի չորս մանուկներ եւ անոնց ծնողները։

Երէկ, «Ռահմի Գոչ» թանգարանին մէջ կատարուեցաւ ժապաւէններու մրցանակաբաշխութեան հանդէսը։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր ժապաւէններու արուեստագէտներով։ Բեմ բարձրացաւ դատակազմի անդամներէն Մէլէք Ուլակայ Թայլան, որ ժապաւէններու հեղինակ է, եւ յայտարարեց, որ «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն»-ի առաջին մրցանակին արժանցած է Ռենա Լուսին Պիթմէզի այս ժապաւէնը։ Ըսաւ, որ ինքն ալ այս աշխատանքով կը զբաղի, բայց ասիկա ըսել չէ թէ ինք ամէնէն յաջող արուսետագէտն է։

Ռենա Լուսին Պիթմէզի ժապաւէնը Սթամպուլի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ

Այս ըսելով, ան ըսել ուզեց թէ Ռենան կը գերադասէ զինք իր արուեստի գործով։ Ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն տակ բեմ հրաւիրուեցաւ Ռենան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ըսելով.«Ես իմ այս մրցանակը կը նուիրեմ համայն աշխարհի տարածքին գաղթականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցած մանուկներուն, նաեւ իմ վարպետիս ժապաւէնի հռչակաւոր արուեստագէտ Արամ Կիւլեիւզի յիշատակին, որուն շատ բան կը պարտիմ»։

Ռենա Լուսին Պիթմէզի ժապաւէնը Սթամպուլի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ