Երեւանի մէջ հնչած կրակոցներու հետեւանքով մահացածէ «Արարատ-2»-ի դարպասապահը

Կրակոցին զոհ դարձած դարպասապահը 23 տարեկան էր:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 16 ապրիլի – Sputnik. «Արարատ-2»-ի դարպասապահ Մուշեղ Ղեւոնդեան մահացած է հրազէնային կրակոցէ: Երեւանեան ակումբը ցաւակցական ուղերձ  հրապարակած է 23-ամեայ ֆութպոլիստի մահուան կապակցութեամբ:

Կը հանդիպինք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը. ֆրանսացի պատգամաւորը` Չաւուշօղլուին

«Խորին ցաւով կը տեղեկացնենք, որ ապրիլ 15-ի գիշերը հրազէնային կրակոցէ մահացած է «Արարատ-2»-ի դարպասապահ Մուշեղ Ղեւոնդեանը: Ակումբը կը ցաւակցի Ղեւոնդեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ընկերներուն»,– նշուած է ցաւակցական ուղերձին մէջ:

Նշենք, որ երէկ ապրիլ 15-ին, Երեւանի Լեփսիուսի փողոցի 25 շէնքի յարակից տարածքին մէջ կրակոցներ  հնչած էին: 1996-ի ծնունդ Մուշեղ Ղեւոնդեան տեղափոխուած է հիւանդանոց, բայց մահացած է վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ այդպէս ալ գիտակցութեան չգալով:

Մեր տեղեկութիւններով`  խումբ մը երիտասարդներ կենցաղային հարցի շուրջ վիճած են, որն ալ հանգուցալուծուած է կրակոցներով:

Իրաւապահները պարզած են մասնակիցներու շրջանակը եւ կ’աշխատին անոնց յայտնաբերելու ուղղութեամբ: