ԵՐԵՒԱՆ, 16 ապրիլի-Sputnik. Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ ձկնատեսակի` տառեխի պահպանման նպատակով ձուադրման շրջանին ոստիկանութիւնը խիստ վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէ ձկնագողերուն դէմ:
Թրքական TRT–ի փոխանցմամբ` Վանայ լիճին մէջ տառեխներու ձուադրման շրջանին նահանգի ոստիկանութիւնը 2 նաւակ եւ 10 մեքենայ յատկացուցած է յատուկ Վանայ լիճին շուրջ խիստ վերահսկողութիւն սահմանելու եւ 90 օր ձկնագողութիւնը կանխելու համար: Կը նշուի, որ օդէն եւս անօդաչու թռչող սարքերով պիտի հսկուի լիճը:
Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ ձուկը` տառեխը, կը սկսի շարժելու գետերու ուղղութեամբ` այնտեղ ձուադրելու համար: