Կը հանդիպինք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը. ֆրանսացի պատգամաւորը` Չաւուշօղլուին

Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարի եւ ֆրանսական խորհրդարանի պատգամաւորի միջեւ լեզուակռիւ տեղի ունեցած է կապուած ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր ճանչնալու հետ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 15 ապրիլի — Sputnik. Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Սոնիա Քրիմին մեղադրած է Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերջինիս խօսքերէն ետք:

Ապրիլ 12-ին ֆրանսական պատուիրակութիւնը Անթալիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի  Խորհրդարանական վեհաժողովի սեմինարի  ժամանակ հեռացած է նիստերու դահլիճէն Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ելոյթէն ետք: Վերջինը քննադատութեամբ  հանդէս եկած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հասցէին, որ ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

ՆԱԹՕ  Խորհրդարանական վեհաժողովի  99-րդ սեմինարին  ելոյթ ունենալով` Քրիմին յայտարարած է, որ ապշած է Օսմանեան պետութեան մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հարցով Անգարայի դիրքորոշմումէն:

Ի պատասխան Չաւուշօղլուն նշած է, որ Ֆրանսան իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան դասեր տալու, ներառեալ` Ցեղասպանութեան թեմայով:

Քրիմիի գլխաւորութեամբ  Ֆրանսացի պատուիրակները հեռացած  են նիստերու դահլիճէն: Աւելի ուշ ան ուղիղ եթեր  դուրս եկած  ու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար պատմութիւնը վերաշարադրել այնպէս, ինչպէս կը ցանկան:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր էջ կը բանայ

«Կը հանդիպինք ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը», – ըսած է Քրիմին:

Ան նաեւ Facebook–ի վրայ գրառում մը ըրած է, ուր նշած է, որ Ֆրանսան գիտէ, ինչպէս վարուի իր պատմութեան հետ:

«Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան օր հռչակելով, Ֆրանսան ոեւէ մէկուն դաս տալու նպատակ չի հետապնդեր եւ չընդուներ նման բան ոեւէ մէկէ, ներառեալ` Թուրքիայէն: Վիրաւորելը թոյլերու գործելաոճն է», – գրած է ան` արձագանքելով Թուրքիայէն ստացուած ակնարկներուն:

«Երբ ամբարտաւան Չաւուշօղլուն գոռոզութեան եւ քաղաքավարութեան դասեր կու տայ` մեծամտօրէն եւ անյարգալից», – գրած է ան Twitter–ի վրայ` յիշատակելով միջադէպը:

Ապրիլ 11-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր  ստորագրած էր ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին: