Մաքրոն կատարեց Ֆրանսայի հայ համայնքի ներակայացուցիչներուն տուած իր խոստումը

Ֆրանսայի նախագահը ստորագրեց ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու հրամանագիրը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի-Sputnik. Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ստորագրած է ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին հրամանագիրը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր էջ կը բանայ

Այս մասին ֆէյսբպուքեան իր էջին վրայ գրառում կատարած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի  (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան` տեղադրելով  Ֆրանսայի նախագահի հրամանագիրը:

Հրամանագիրին մէջ կը նշուի, որ իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի մէջ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օրը, իւրաքանչիւր տարի այդ օրը Փարիզի մէջ ձեռնարկ  կը կազմակերպուի, նմանատիպ ձեռնարկներ միւս քաղաքներուն մէջ եւս կրնան կազմակերպել:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան  ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2001-ին:,