Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը վրդոված է Անգարան

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ «որոշումը կ’անտեսէ պատմական իրականութիւնները եւ նոր թշնամութիւն կը սերմանէ»:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի — Sputnik. Թուրքիոյ  նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն արձագանքած է Իտալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման:

Իտալիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ան Twitter-ի իր էջին վրայ այդ մասին գրառում  կատարած է. «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումը կ’անտեսէ պատմական իրականութիւնները եւ նոր թշնամութիւն կը սերմանէ: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք քաղաքական ժողովրդականութեան աջակցող այս մօտեցումը, որ նաեւ կ’անտեսէ համատեղ  պատմական յանձնաժողով ստեղծելու մեր նախագահին կոչը»:

Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատն ապրիլ 10-ին ընդունած է բանաձեւը, որմով երկրի կառավարութեան կոչ ուղղեց ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ խնդրին միջազգային հնչեղութիւն տալ: Բանաձեւին կողմ  քուէարկած է 382 պատգամաւոր, ձեռնպահ  մնացած է 43-ը, իսկ դէմ ձայներ չեն եղած: