«Դուխով Հայաստան» կեղծ էջի համակարգողը կալանաւորուած է. ԱԱԾ

ԱԱԾ-ն առ այժմ չի բացայայտեր կեղծ օգտատիրոջ անձը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 ապրիլի — Sputnik. Facebook–ի «Դուխով Հայաստան» կեղծ էջի օգտատէրը կալանաւորուած է:

Երեւանը անապատ կը դառնա՞յ, թէ՞ քաղաքապետարանը կը պայքարի օլիկարխներու կառուցածին դէմ

Այս լուրը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին հաստատեց ԱԱԾ մամլոյ քարտուղար Սամսոն Գալստեան:

«Յարուցուած է քրէական գործ, քրէական օրէնսգիրքի 226-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով: Դատարանի որոշմամբ այդ անձին նկատմամբ խափանման միջոց  ընտրուած է կալանաւորումը: Կը կատարուի նախաքննութիւն»,–ըսաւ  Գալստեան:

ԱԱԾ-ն առ այժմ չի բացայայտեր կեղծ օգտատիրոջ անձը:

Նշենք, որ վերոյիշեալ յօդուածը կը սահմանէ հրապարակայնօրէն կամ լրատուութեան միջոցներ օգտագործելով ազգային, ցեղային  կամ կրօնական թշնամանք յարուցելը:

Նիկոլ Փաշինեանը ինչպէ՞ս պիտի նշէ «Քաղաքացիի օրը»

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 4–ին կառավարութեան նիստին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԱԾ–ին յանձնարարեց յստակ քայլեր ձեռնարկել տեղեկատուական անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

«Եթէ որոշ յանցաւոր շրջանակներ միլիոններ պիտի ծախսեն ընկերային ցանցերու, լրատուամիջոցներու մէջ`  հասարակական կարծիքը նենգափոխելու  համար, ատիկա ազգային անվտանգութեան խնդիր է»,– ըսաւ ան:

Արդէն յաջորդ օրը` ապրիլ 5–ին, լրագրողներուն հետ զրոյցին ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան տեղեկացուց, որ  անձ մը ձերբակալուած է` Ֆէյսբուքի վրայ ակնյայտ ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար: