Աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամն ամուսնալուծուած է

Զոյգն ունի մէկ տղայ, որ 3 տարեկան է: Նախկին ամուսինները համաձայնութեան եկած են, որ հայրը պէտք է ամսական 500 հազար դրամ սննդագին վճարէ երեխային համար:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 10 ապրիլի — Sputnik. Բռնցքամարտիկ, աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամն ամուսնալուծուած է: Այս մասին կը տեղեկանանք դատական տեղեկատուական համակարգէն:

«Դուխով Հայաստան» կեղծ էջի համակարգողը կալանաւորուած է. ԱԱԾ

Դատական գործին մէջ նշուած է, որ 2018 թուականի դեկտեմբեր 19-ին դատաւոր Արա Կուբանեան ամուսնալուծութեան վճիռ  կայացուցած է, որմով բաւարարած է Աբրահամի կնոջ` Մերի Աբրահամեանի հայցն ընդդէմ ամուսնուն:

«Ընտանեկան անախորժութիւններու պատճառով կողմերը դադրեցուցած են ամուսնական յարաբերութիւնները եւ համատեղ տնտեսութիւն չեն վարեր: Հերթական վիճաբանութենէ յետոյ իր վստահորդը երեխային հետ հեռացած է պատասխանողէն»,– ինչպէս նշուած է դատական գործին մէջ, այս մասին ըսած է կնոջ փաստաբանը:

Սկիզբը երեխան բնակած է մօրը հետ, իսկ հայրը պարբերաբար տեսակցած է անոր: 2018–ի փետրուար 13-ին երեխային հետ հերթական տեսակցութենէն  յետոյ հայրը երեխան մօրը չէ վերադարձուցած եւ առանց մօր համաձայնութեան երեխային հետ մեկնած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն:

Կողմերը համաձայնած են, որ իրենց անչափահաս որդին բնակի Մերի Աբրահամեանի հետ` վերջինիս բնակութեան վայրին մէջ:

«Ազնուական, առատաձեռն ու խիզախ հայ ժողովուրդը կրցաւ իր Դատը կենդանի պահել». դեսպան Պուխարի

Նախկին զոյգը համաձայնութեան  եկած են, որ հայրը պէտք է ամսական 500 հազար դրամ սննդագին  վճարէ երեխային համար:

Ի դէպ, զոյգն ունի մէկ տղայ` Գրիգոր Աբրահամեան, որ 3 տարեկան է, ԳԴՀ քաղաքացի:

Աբրահամն ամուսնացած էր 2015–ին: Ան այդ ժամանակ յայտարարած էր, որ կինը ուսանողի է ԵՊՀ–ի մէջ եւ աւելին ըսել չէ ուզած, քանի որ ատիկա իր անձնական կեանքն է:

Արթուր Աբրահամ (իսկական անունը` Աւետիք Աբրահամեան) աշխատանքը սկսած է Հայաստանի մէջ, սակայն 90-ականներու կէսերուն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Գերմանիա եւ որպէս արհեստավարժ բռնցքամարտիկ հանդէս եկած է  գերմանական դրօշի ներքոյ: