ԵՐԵՒԱՆ, 5 ապրիլի – Sputnik. Մայիս 25-ին Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի «Հայկական մշակոյթի տունը» կը կազմակերպէ «Արի պարի քոչարի» խորագիրով հերթական ֆլեշմոպը: Առաջին անգամ այն իրականցուած է 2018 թուականի մայիսին եւ մեծ հնչեղութիւն ունեցած է Հայաստանի ու հայկական սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Այս տարի ֆլեշմոպը կը նուիրուի մեծանուն հայ երաժշտահան Կոմիտասի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեաններուն, որոնք ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններ»-ու 2018-2019 օրացոյցին մէջ:
Բացի այդ, իրադարձութիւնը կարեւոր կը նկատուի այն հանգամանքով, որ Քոչարի պարը 2017 թուականին գրանցուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ` պարի պահպանութեան եւ տարածման հետ կապուած ձեռնարկներու իրականացմամբ:
Այս տարի, որպէս մասնակցութեան առաջնային պար, ընտրուած է Կարնոյ քոչարին:
«Արի պարի քոչարի» ֆլեշմոպն առաջին անգամ կայացած է 2018թ.-ի մայիս 26-ին:
Ֆլեշմոպին մասնակցելու համար պէտք է գրանցուիլ aripariqochari.com կայքին մէջ: