Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Գեղամի սիրելի խաղալիքը հրացանն է: Կը կրակէ ամբողջ օրը: Կը կրակէ թուրքին: Կը կրակէ ու խաղալիք հրացանի արձակած ձայները կը խառնուի իր արձակած « տը- տը –տը»- ներուն: Թուացեալ թշնամիի դերին մէջ ալ փոքր եղբայրն է` հնգամեայ Էրիկը:
Sputnik

Էլմիրա Թեւանեան, Sputnik Արմենիա

Արմաւիրի մարզի Ապագա գիւղի իրենց տուն մտնող  հիւրին եղբայրները սկիզբը կը տանին հերոս հայրիկի անկիւնը. անգիր գիտեն բոլոր իրերու պատմութիւնը. մետալներէն որ մէկը ինչու համար  ստացած է ան. «Էս մետալը պապայիս տուել են, որ ինքը կռուելա, որպէս հերոս: Էս միւսը Ղարաբաղում են տուել, էլի որպէս հերոս»,–  պահարանին մէջ խնամքով պահուած պատմութիւնը կը պատմէ Գեղամը: Յետոյ կը պատմէ ու ցոյց կու տայ, թէ  թշնամիին հետ ինչպէս կռուած է իր հայրը: Յետոյ  վիրաւորուած  է ու զոհուած: Հօր վերջին բառերն ալ անգիր գիտեն.

«Տղե՛րք, ես լաւ եմ: Դուք կռուէ՛ք»,- կ’ըսէ թոթովախօս Էրիկը:

Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Չարաբաստիկ ապրիլ 2 –էն երեք տարի անց Գեղամը, արդէն իր հօր`Յովսէփ Կիրակոսեանի անունը կրող դպրոցին մէջ ընկերներուն կը պատմէ հօր քաջութեան մասին: «Ես, մամաս  ու Էրիկը կրակրոցների, պայթիւնների տակ  նստեցինք մի մեքենայ, որը վարում էր պապայիս ընկերոջ կինը, ու ինքը էդքան էլ լաւ չէր կարողանում քշէր: Բայց մենք հասանք ուրիշ գիւղ, որտեղ կրակոց չկար»,– կը  պատմէ Գեղամը` չթաքցնելով, որ ճանապարհին եւ՛ գոռացած են վախէն, եւ՛ լացած: Կը պատմէ, թէ ինչպէս  հայրիկն այլեւս  չպատասխանեց իրենց  զանգերուն:

Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

«Պապաս մեզ համբուրեց, խոստացաւ,  որ շուտ կը գայ: Ու չեկաւ»,- կ’ըսէ Գեղամը:  Յուզուած ուսուցչուհիին եւ քար լռութեամբ իրեն լսող համադասարանցիներուն մօտ կը խոստանայ շարունակել  հօր պատմութիւնը:

Հրամանատար Յովսէփ Կիրակոսեան Մատաղիսի (ԻՍՎ) հրամանատարն էր: Ապրիլ  1-ի գիշերը, թշնամիի յարձակման լուրը լսելով, երեխաներն ու կինը ձգելով տունը,  վազած էր զօրամաս` զինուորներուն մօտ: Իր 25 տղաներուն (այդպէս կ’ըսէր իր զինուորներուն ու հոգ կը տանէր անոնց մասին, ինչպէս իր երեխաներուն) տեղափոխելէ յետոյ շտապած էր ընկերներուն օգնութեան: Մինչեւ վերջ: Ու զոհուած:

Հակառակորդին հետ ծանր ու դժուար մարտին վիրաւորուած էր. մինչեւ վերջին պահը ընկերներուն կողքին  եղած էր. անգամ արնաքամ ըլլալով` անոնց յորդորած է. «Տղե՛րք, ես լաւ եմ: Դուք կռուէ՛ք»:

Յովսէփի վերջին բառերը  հայրենի բնակավայրին` իր անուան պուրակին մէջ, յուշարձանի վրայ  յաւերժացած է:

Ի՞նչ  է պատերազմի արժէքը... Ի՞նչ է խաղաղութեան գինը...

Պատերազմը շատ թանկ է ոչ միայն ռազմական սարքերու, զէնք-զինամթերքի  առումով: Պատերազմի համար ժողովուրդները  շատ աւելի թանկ կը վճարեն` իրենց անգին զաւակներու արեամբ:

Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Իսկ խաղաղութեան գինն ալ չի կրնար անգին արեամբ պահուած հողերու վերադարձը ըլլալ:

Ժողովուրդներուն խաղաղութեան պատրաստելը չի կրնար ենթադրել այդ տարածքներու գնով խաղաղութիւն: Այն տարածքներուն, որոնցմէ որեւէ  դիրք չզիջելու համար զոհուեցան մեր տղաները` եղբայր, ամուսին, հայր…

Եղբայր, ամուսին, հայր...

2016-ի ապրիլ 2-ի 3-րդ տարին է: Երեք տարուան մէջ երեք նախարար  փոխուած է: Երեք նախարարներն ալ ստացած են Հրամանատար Կիրակոսեանի կնոջ` Մարիամի նամակը` ընդառաջելու եւ լուծելու հերոսի  զաւակներուն համար բնակարանի խնդիրը:  Պետութիւնն, ի հարկէ, մէկ անգամ առաջարկեց  4  մլն դրամի դիմաց գտնել բնակարան, որուն համար կը վճարէ, բայց հարցն այդպէս ալ մնաց: 8 հազար տոլարով բնակարան գտնելն այնքան ալ հեշտ չէր: Բնակարան գտնելու նշուած ժամկէտն աւարտելէ ետք պատմութիւնն ալ աւարտուեցաւ: Պետութիւնն այլեւս բան չունի ըսելու այդ երեխաներուն եւ հրամանատարին կնոջ:

Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Երեք նախարարներէն  ոչ մէկը այդպէս ալ չէ արձագանքած Յովսէփի կնոջ` Մարիամի խնդրանք-նամակին: Ռազմական կառոյցէն  ոչ մէկ պաշտօնեայ  հետաքրքրուած է, թէ երեխաները ուր  կ’ապրին, ինչպէս կ’ապրին, ինչով կ’ապրին: Այս ընտանիքն այլեւս պետութեան հարկաւոր չէ՞:

Ալ ո՞վ , եթէ ոչ ես

Հրամանատար Յովսէփ Կիրակոսեան կը ծառայէր Հայաստանին, կը ծառայէր օրինակելի սպայի պէս` երբեք չթաքնուելով աւելի ապահով կէտերու մէջ: «Երբ մեր երեխաներն արդէն ծնած էին եւ փոքր էին, աւելի ապահով բնակավայր  տեղափոխուելու մասին, երբեմն, կը մտածէի, բայց երբեք չեմ ըսած Յովսէփին:  Գիտէի, որ ան չէր համաձայներ: Մենք պարզապէս միշտ իր կողքին  եղած ենք: Ու շատերը կ’ըսէին` երկու փոքրիկներու հետ առաջնագիծին մէջ դժուար կ’ըլլայ, բայց  Յովսէփը  ոչ մէկուն կը  լսէր»,– կը պատմէ Մարիամը:

Հրամանատարին  ընտանիքը կ’ապրէր Մատաղիս, կ’ապրէր սպայի ստացած «խեղճ» աշխատավարձով ու երբեք չէր տրտնջար:

Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

«Ալ ով, եթէ ոչ ես: Ես օրինակ կ’ուզեմ ծառայել: Այո՛, հէնց ես իմ ընտանիքով, իմ տղերքով պէտք է սահմանին ապրիմ: Թշնամին պէտք է իմանայ, որ այստեղ կ’ապրին, ծխնելոյզները կը ծխան, ու մենք  այստեղ ենք»,– հրամանատարի բառերը կը յիշէ Մարիամը:

Ադամեանը «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը դարձնելով Արցախ

Ապրիլեան պատերազմէն  մէկ ամիս առաջ հրամանատարի ընտանիքը տեղափոխուած էր Մատաղիս սպայական կազմի համար  նախատեսուած նորակառոյցը:

«Չէինք հաւատար, որ վերջապէս բնակարանի վարձ պիտի չվճարենք, անընդհատ չենք տեղափոխուիր մէկ բնակավայրէ միւսը»,–կ’ըսէ Մարիամը: Սակայն անոնց ուրախութիւնը երկար չտեւեց. ապրիլեան պատերազմով ամէն ինչ աւարտուեցաւ: Անոնք  չհասցուցին ապրիլ նոր բնակարանին մէջ` յանձնեցին բանալիներն ու վերադարձան Հայաստան: 

Բնակարանի խնդիրը կարգաւորելու հարցով  հրամանատարի կինը կը փորձէ չյուսալքուիլ, չհիասթափուիլ: Կ’ըսէ` զինուորականի կինը, ապագայ զինուորներու մայրը պէտք է ամուր ըլլայ: Տարիներու ընթացքին ինքն ալ  կոփուած է. զինուորականի կին, այն ալ ականահատողի, երբ մահն ամէն վայրկեան դարանած է հողի տակ: «Ամէն օր կ’աղօթէի, որ բան չպատահի, ամէն օր  վախը սրտիս մէջ կը սպասէի: Եւ խաղաղութիւն կը զգայի  միայն, երբ տուն կը մտնէր»,– յուզուած կը պատմէ Մարիամը:

Աֆրին մնացած վերջին հայն ալ ստիպուած եղած Է գաղթելու

Հրամանատարին կինը  զինուորական ամուսնուն պէս կը փորձէ նաեւ լաւատես ըլլալ. «Անգամ ամենավատ իրավիճակի մէջ, միեւնոյնն է, լաւատես էր Յովսէփը: Միշտ կ’ըսէր` Մարիամ լաւ պիտի ըլլայ, վաղը հաստատ աւելի լաւ օր պիտի ըլլայ, վաղն աւելի ապահով ու լաւ Հայաստան պիտի ունենանք: Կ’ըսէր`  խաղաղութեան համար միշտ զէնքը ձեռքիդ պիտի պահես եւ ուժեղ ըլլաս»,–կը պատմէ Մարիամը:

Ի վերջոյ, ո՞րն է խաղաղութեան գինը`  հարցուր 6-ամեայ Գեղամին. ան հրացանը ձեռքին, հօրմէ ժառանգած խաժ աչքերն առանց թարթելու «տը- տը- տը» կ’ընէ ու կը պատասխանէ` ես զինուոր պիտի  դառնամ, ես պապայիս  տեղն  ալ պիտի կռուիմ, մենք թուրքին պէտք է յաղթենք, մենք ուժեղ ենք ...

1991-1994 թուականներու Արցախեան պատերազմին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններուն տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ 1994 թուականի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն ի վեր հայկական կողմն ունեցած է շուրջ 9700 զոհ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածները հարիւրէ աւելի են…